Որոնել

Աւետարանը սահմանուած է բոլորին. Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը

«Աստուած մեզ չի կոչեր պատուանդանի վրայ դնելու, այլ իր մեծ ու ընդգրկուն սիրոյ ազատ ու խիզախ գործիքները դարձնելու համար» յարեց հուսկ Քահանայապետը մատնանշելով նաեւ թէ Եկեղեցին կատարեալներու սահմանուած վայր մը չէ այլ աշակերտներու հասարակութիւն մը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Յիսուս մօտենալով՝ խօսեցաւ անոնց ու ըսաւ. «Ամէն իշխանութիւն ինծի տրուեցաւ երկնքի ու երկրի մէջ։ Ուրեմն գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. Սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի։ Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս կատարածը»։ Մատթէոս Աւետարանիչէն քաղուած այս հատուածը առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութեան, որուն ընթացքին Ան «Evangelii gaudium» առաքելական յորդորագիրէն ներշնչում քաղելով շարունակեց անցեալ շաբաթ սկսած առաքելական եռանդի մասին չորս կէտերու մէջ պարունակուած իր ամփոփումը։

Անցեալ շաբաթ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձած էր այն իրողութեան թէ քրիստոնէական հռչակումը ուրախութիւն է իսկ այսօր ան խօսքը կեդրոնացուց այլ մէկ իրողութեան, թէ այդ Աւետիսը սահմանուած է բոլորին։

Աւետարանը սահմանուած է բոլորին

«Երբ մենք իսկապէս հանդիպինք Տէր Յիսուսին, այդ հանդիպման զարմանքը կը թափանցէ մեր կեանքը ու մեզմէ կը խնդրէ որ զայն տանինք մեզմէ անդին։ Այս է այն ինչ, որ կը փափաքի Տէրը, որ իր Աւետարանը ըլլայ բոլորին համար։ Անոր մէջ արդարեւ «մարդկայնացնող ուժ մը կայ, կեանքի լրում, որ սահմանուած է իւրաքանչիւր մարդու ու կնոջ, որովհետեւ Քրիստոսի ծնաւ, մեռաւ եւ յարութիւն առաւ բոլորին համար, բոլորի համար, առանց բացառութեան» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը յղում կատարելով «Evangelii gaudium» յորդորագիրին, ուր  կը կարդանք. «Բոլորն ալ իրաւունք ունին ընկալելու Աւետարանը։ Քրիստոնեաները պարտականութիւնն ունին զայն հռչակելու առանց բացառելու ոչ մէկը, ոչ որպէս մէկ մը, որ պարտաւորութիւն մը կը պարտադրէ, այլ որպէս մէկ մը` որ կը կիսէ ուրախութիւն մը, ցոյց կու տայ գեղեցիկ հորիզոն մը, կ՛առաջարկէ ցանկալի խրախճանք մը»։

Եկեղեցին կ՛աճի գրաւչութեամբ

«Եկեղեցին չ՛աճիր դաւանափոխութեամբ այլ գրաւչութեամբ» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով բոլորը ըլլալու Աւետարանի համընդհանուր նպատակներու ծառայութեան տակ։ Ան ակնարկեց ապա Քանանացի Կնոջ դրուագին, որ Յիսուսէն կը խնդրէ` բժշկել իր հիւանդ աղջիկը, բայց Յիսուս կը մերժէ այդ մէկը ըսելով` որ «ինք եկած է միայն իսրայէլի տան կորսուած ոչխարներուն համար» ու թէ «յարմար չէ մանուկներուն հացը առնել եւ շուներուն տալ»։ Կինը սակայն կը պատասխանէ. «շուներն ալ արժանի են կերակրուելու իրենց տիրոջ սեղանէն ինկած փշրանքներով»։ Այն ատեն Յիսուս անոր կ՛ըսէ. «Ով կին մեծ է քու հաւատքդ, փափաքիդ համաձայն թող ըլլայ քեզի»։

Այս հանդիպումը իւրայատուկ բան ունի. Ոչ միայն անձ մը կը փոխէ Յիսուսին միտքը, եւ այդ մէկը կին է, օտար և հեթանոս. բայց Տէրը ինք եւս հաստատում կը գտնէ` թէ իր քարոզը պէտք չէ սահմանափակուի միայն այն մարդոցմով, որոնց կը պատկանի, այլ պէտք է բաց ըլլայ բոլորին:

Կոչումը ծառայութիւն է ոչ թէ մենաշնորհ

Տիրոջ բոլոր ընկերները գեղեցկութեան փորձառութիւնը ապրած են, բայց նաեւ անորմէ «ընտրուած» ըլլալու ծանրութիւնը» ըսաւ ապա Քահանայապետը ակնարկելով նաեւ այն վհատութեան, որ անոնք ապրեցան իրենց տկարութիւններուն ու ապահովութիւններու կորուստի բերումով։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ նշեց, թէ «ամենամեծ փորձութիւնը կոչումը մենաշնորհ համարելն է», բան մը, որ միայն մեզի կը պատկանի։ «Ո՛չ» ըսաւ Քահանայապետը, «կոչումը մենաշնորհ մը չէ։ Կոչումը ծառայութիւն է։ Եւ Աստուած մէկը կ՛ընտրէ սիրելու համար բոլորը, հասնելու համար բոլորին, տիեզերական է։ Չմոռնանք այս մէկը, Աստուած կ՛ընտրէ մէկը, որպէսզի սիրէ բոլորը։ Աւետարանը միայն ինծի համար չէ, բոլորի համար է, չմոռնանք այս մէկը» կրկնեց Նորին Սրբութիւնը աւարտելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/11/2023, 09:16

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >