Որոնել

VATICAN-RELIGION-POPE-AUDIENCE

Քահանայապետը կը հանդիպի Իսրայէլացի պատանդներու եւ Կազայի Պաղեստինցի հարազատներուն հետ

Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունի, նշելով որ այս տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ չորեքշաբթի օր` 22 նոյեմբերի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան շրջագիծէն ներս եւ ունի մարդասիրական բնոյթ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Տիար Մաթթէօ Պրունի, պատասխանելով լրագրողներուն իրեն ուղղած հարցումներուն հաստատեց, որ «Ֆրանչիսկոս Պապը յառաջիկայ` չորեքշաբթի 22 նոյեմբեր 2023ին, հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան շրջագիծէն ներս, տարբեր հանդիպումներով պիտի տեսակցի, Կազայի մէջ պատանդ առնուած իսրայէլացնելու հարազատներու և Կազայի հակամարտութիւնէն տուժած պաղեստինցիներու հարազատներուն հետ»։

«Այս հանդիպումներով, որոնք բացարձակապէս ունին մարդասիրական բնոյթ, Ֆրանչիսկոս Պապը կ՛ուզէ իր հոգեւոր մօտիկութիւնը արտայայտել, իւրաքանչիւրի տառապանքին, որովհետեւ, ինչպէս Ան յայտարարած էր անցեալ կիրակի օրուայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին, «իւրաքանչիւր մարդ արարած, ըլլայ քրիստոնեայ, հրեայ, իսլամ, որեւէ ազգի ու կրօնի պատկան, իւրաքանչիւր մարդ արարած սուրբ է, թանկարժէք է Աստուծոյ աչքերուն եւ իրաւունք ունի ապրելու խաղաղութեամբ», աւելցուց Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունին։

Նշենք, որ այս հանդիպումի կարելիութեան մասին խօսած էր նաեւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/11/2023, 08:00