Որոնել

2023.11.17 Il cardinale Parolin all'Ambasciata d'Italia presso la Santa Sede

Խաղաղութեան հասնելու համար այսօր կայ փոխադարձ վստահութեան պակաս. Կարդինալ Փարոլին

Կարդինալ Փարոլին շեշտեց հրադադար հաստատելու կարեւորութիւնը ու նաեւ շրջանէն քրիստոնեաներուն արտագաղթի նկատմամբ մտահոգութիւնները, հաստատելով որ «Քրիստոնեաներուն արտագաղթի պատճառներէն մին եղած են պատերազմները։ Հակամարտութիւններն են, որ մղեցին քրիստոնեաները հեռանալու այդ վայրերէն, այլուր որոնելու համար ապահովութիւն եւ խաղաղութիւն... քրիստոնեաներու արտագաղթը, ողբերգական իրականութիւն է Սուրբ Երկրի և համայն Մերձաւոր Արևելքի մէջ» ըսաւ Սուրբ Աթոռի Պետքարտուղարը:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը Սուրբ Աթոռի մօտ Իտալիայի դեսպանատան մէջ անչափահասներու դէմ բռնութեան վերաբերեալ միջոցառումի մը շրջանակէն ներս հանդիպեցաւ եւ զրուցեց լրագրողներուն հետ մեկնաբանելով Մերձաւոր Արևելքի մէջ տիրող ողբերգական իրավիճակը։

Սուրբ Երկրի մէջ իրավիճակը մտահոգիչ

«Միջին Արեւելքի կացութիւնը մտահոգիչ է եւ յոյս կը յայտնենք, որ պատանդները ազատ արձակուին։ Կը հաւատանք, որ պատանդներուն ազատ արձակումը ներկայ բարդ իրավիճակի լուծման հիմնական կէտերէն մին է...ապա կայ հրադադարի հարցը, մարդասիրական օգնութիւններու երաշխաւորումը, վիրաւորներուն դարմանումը» ըսաւ ի միջի այլոց Կարդինալ Փարոլինը լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին ակնարկելով նաեւ Կարդինալ Փիացցապալլայի վկայութեան ու վերջինիս եւ Վատիկանի մտահոգութեան` Կազայի քրիստոնեայ 150 անձերէ բաղկացած փոքրիկ հասարակութեան համար, որոնք ապաստան գտած են տեղական Եկեղեցւոյ մէջ, եւ որոնց հետ են նաեւ իսլամ հաւատացեալներ։ «Ցաւը մեզ բոլորս կը միացնէ, ցաւին դիմաց չկան տարբերութիւններ», ըսաւ Ծիրանաւորը։

Ուքրանիոյ պատերազմը

Անդրադառնալով դիւանագիտական միջամտութիւններուն Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղարը խօսեցաւ բանակցութիւններու մասին, որոնք ընթացքի մէջ են, ու նաեւ Վատիկանի տարած, ոչ անմիջական բանակցութիւններու, աշխատանքի մասին, լուծումի մը յանգելու համար։ Իսկ հարցին` թէ Ուքրանիոյ պատերազմը ուշադրութեան կեդրոնէն շեղած է, Փարոլինը պատասխանեց թէ այդ մէկը կախեալ է լրագրողներէն եւ թէ ինք մեծապէս կը ցաւի ի տես մարդկային կորուստներուն։ «Այնտեղ եւս չկան լուծումի մը հեռանկարներ, թէեւ պէտք է ելքի ճանապարհ մը գտնել դուրս գալու համար այս ողբերգութենէն» յարեց Ծիրանաւորը։

Երկորդ Հելսինքին եւ վստահութեան պակասը

Ան ապա յոյս յայտնեց, որ կարելի ըլլայ գումարել երկրորդ Հելսինքի մը, որուն համար սակայն կարիքը կայ բոլոր կողմերու համաձայնութեան։

«Պէտք է նաեւ վերագտնել փոխադարձ վստահութեան նշոյլ մը, այս ալ կը պակսի այսօր։ Կը պակսի փոխադարձ վստահութիւնը, ուստի իրար չենք ընդունիր, երբ իրարմէ տարբեր ենք կամ առ աւելի կայ թշնամութիւն...Հելսինքին ծնունդ առաւ ճիշտ այն համոզումէն, թէ կարելի էր միասին գործել ու կարելի էր յառաջդիմութիւն արձանագրել։ Եւ կար կողմերու միջեւ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտ մը» ըսաւ Կարդինալ Փարոլինը յոյս յայտնելով, որ այդ ուղղութեամբ քայլերը շարունակուին։

Յարգել պաշտամունքի վայրերն ու հիւանդանոցները

Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը խօսեցաւ նաեւ պատանդներու ընտանիքներուն Քահանայապետին հետ հանդիպումի մը կարելիութեան մասին ապա մատնանշեց մարդասիրական միջազգային հիմնական իրաւունքին` յարգելու հիւանդանոցները եւ պաշտամունքի վայրերը, այս առընչութեամբ դատապարտելով հիւանդանոցները պատերազմի վայր դարձնելը։

Քրիստոնեաներուն արտագաղթը

Կարդինալ Փարոլին շեշտեց հրադադար հաստատելու կարեւորութիւնը ու նաեւ շրջանէն քրիստոնեաներուն արտագաղթի նկատմամբ մտահոգութիւնները, հաստատելով որ «Քրիստոնեաներուն արտագաղթի պատճառներէն մին եղած են պատերազմները։ Հակամարտութիւններն են, որ մղեցին քրիստոնեաները հեռանալու այդ վայրերէն, այլուր որոնելու համար ապահովութիւն եւ խաղաղութիւն... քրիստոնեաներու արտագաղթը, ողբերգական իրականութիւն է Սուրբ Երկրի և համայն Մերձաւոր Արևելքի մէջ» ըսաւ Սուրբ Աթոռի Պետքարտուղարը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/11/2023, 12:41