Որոնել

Սուրբ Շարլ տը Ֆուքօ` թաքուն կեանքի մէջ գթութեամբ տրոփող սիրտ. Քահանայապետի Ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը

«Շար Տը Ֆուքոն` Աստուծոյ հետ ապրած փորձառութենէն մեկնելով բարեփոխումի ուղեւորութիւն մը կատարեց մինչեւ այն աստիճան, որ ինքզինք բոլորի եղբայր նկատեց» ըսաւ Քահանայապետը ակնարկելով թէ ինչպէս Շարլ Տը Ֆուքոն Աստուծմէ հեռու երիտասարդութիւն մը ապրելէ ետք, դարձի կու գայ, եւ Աստուծոյ ներումը կը գտնէ Խոստովանանքի խորհուրդին մէջ ու այդ օրէն իր կեանքի իմաստը կը գտնէ Յիսուսին մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 18 Հոկտեմբերի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու մասնակցութեամբ` գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուան հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որուն առիթով շարունակելով հաւատացեալի առաքելական եռանդի ու աւետարանութեան կիրքի մասին խորհրդածութիւններու շարքը, խօսքը կեդրոնացուց Սուրբ Շարլ Տը Ֆուքոյի վրայ` «մարդ` որ Յիսուսը եւ աւելիով աղքատ եղբայրները դարձուց իր կեանքին կիրքը»։

«Իմ սիրտս կորսնցուցի Յիսուս Նազովրեցիին մէջ»

«Շարլ Տը Ֆուքոն` Աստուծոյ հետ ապրած փորձառութենէն մեկնելով բարեփոխումի ուղեւորութիւն մը կատարեց մինչեւ այն աստիճան, որ ինքզինք բոլորի եղբայր նկատեց» ըսաւ Քահանայապետը ակնարկելով, թէ ինչպէս Շարլ Տը Ֆուքոն Աստուծմէ հեռու երիտասարդութիւն մը ապրելէ ետք, դարձի կու գայ, եւ Աստուծոյ ներումը կը գտնէ Խոստովանանքի խորհուրդին մէջ ու այդ օրէն իր կեանքի իմաստը կը գտնէ Յիսուսին մէջ։ «Իմ սիրտս կորսնցուցի Յիսուս Նազովրեցիին մէջ» կը գրէ Ան, յարեց Սրբազան Պապը դիտել տալով որ Եղբայր Շարլը մեզի կը յիշեցնէ, թէ աւետարանութեան առաջին քայլը կը կայանայ Յիսուսը ունենալ որպէս սրտին կիզակէտ։

Յիսուս մեր սրտի կեդրոն

«Վտանգը կայ, որ մենք խօսինք մեր մասին, մեր խումբի, բարոյականութեան կամ, աւելի վատ, շարք մը կանոններու, բայց ոչ Յիսուսի, անոր սիրոյ եւ անոր ողորմածութեան մասին» ըսաւ Սրբազան Պապը հրաւիրելով մենք մեզի հարց տալու եթէ մենք ալ Յիսուսը ունինք մեր սրտի կեդրոնին մէջ, եթէ մեր խելքը կորսնցուցինք իրեն համար։

Շարլը այո, Քրիստոսի գրաւչութենէն մեկնելով սկսաւ ընդօրինակել Քրիստոսը, ինքզինք դնելով անոր դպրոցին մէջ: Նազարէթի թաքնուած կեանքն էր, որ դարձաւ անոր իտէալը, զոր ան ապրեցաւ Սահարայի մէջ, աղքատութեամբ և լռելեան կեանքով: Ան երկար ժամանակ կ՛անցներ կարդալով Աւետարանը ու ճանչնալէ ետք Յիսուսը, անոր մէջ կ՜աճի զԱյն ուրիշներու ճանչցնելու իղձը։

Քրիստոս առաջին աւետարանողն է

Ան առ այդ կ՛որոշէ ապրիլ հեռու վայրերու մէջ լռութեան մէջ աղաղակելու Աւետարանը, ու զայն ապրելով Նազարէթի հոգիով։

Սահարա կը մեկնի ոչ քրիստոնեաներու միջեւ որպէս բարեկամ ու եղբայր իր հետ տանելով Յիսուս-հաղորդութիւն հեզութիւնը, թոյլ տալով, որ Յիսուսը գործէ լռութեամբ։ Ան արդարեւ կը հաւատար, որ Քրիստոս առաջին աւետարանողն է։ Եւ ասոր համար ժամերով կ՛աղօթէր Սուրբ Հաղորդութեան` Յիսուսին ոտքերուն, այն համոզումով որ աւետարանող ուժը ճիշտ այնտեղ է ու զգալով, որ Յիսուսն է` որ զինք կը մղէ դէպի հեռաւոր վայրերուն մէջ ապրող եղբայրներն ու քոյրերը։

Աշխարհականներու առաքելութիւնը

«Իսկ մենք կը հաւատա՞նք Սուրբ Հաղորդութեան ուժին»` հարց տուաւ Սրբազան Պապը նկատել տալով թէ ինք համոզուած է` որ մենք կորսնցուցինք Սուրբ Հաղորդութեան պաշտամունքին իմաստը. Հարկաւոր է վերսկսիլ այդ մէկը սկսեալ մեզմէ` նուիրեալ անձինք, եպիսկոպոսներ, քահանաներ։ Ժամանակ «վատնել» տապանակին առջեւ վերագտնելու համար պաշտամունքին իմաստը։

Սուրբ Շարլ Տը Ֆուքոն գրած է. «Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ առաքեալ մըն է... Քահանաներու կողքին հարկաւոր են աշխարհականներ, որոնք կը տեսնեն այն ինչ որ քահանան չի կրնար տեսնել, որոնք կ՛աւետարանէն սիրոյ մօտիկութեամբ, բոլորին նկատմամբ սիրով, եւ միշտ անձնուիրութեան պատրաստ քնքշութեամբ»։

«Որքան կարիքն ունինք մենք քահանաներս մեր մօտ ունենալու այնպիսի աշխարհականներ, որոնք լրջօրէն կը հաւատան եւ իրենց վկայութեամբ մեզի ցոյց կու տան ճանապարհը» յարեց ապա Քահանայապետը, նկատել տալով, թէ ինչպէս «Շարլը այդպիսիով կանխեց Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովի ժամանակները ու հասկցաւ աշխարհականներուն կարեւորութիւնը»։

Տիեզերական Եղբայրը

Սուրբ Շարլ տը Ֆուքոն, որ մարգարէական պատկեր մըն է մեր ժամանակին համար, Աւետարանը հաղորդելու գեղեցկութիւնը վկայեց հեզութեան առաքելութեան ընդմէջէն` Ան` որ ինքզինք կը զգար «տիեզերական եղբայր» եւ բոլորը կ՛ընկալեր, մեզի ցոյց կու տայ քնքշութեան աւետարանութեան ուժը։

Ան կ՛ուզէր, որ բոլոր անոնք` որոնք իրեն կը հանդիպէին անոր բարութեան ընդմէջէն տեսնէին Յիսուսին բարութինը։ Ան արդարեւ կ՛ըսէր` թէ ինք «ծառան էր մէկու մը, որ իրմէ շատ աւելիով բարի է»։ Յիսուսին բարութիւնը ապրիլը զայն մղեց բարեկամութիւն ու եղբայրական կապեր հաստատելու աղքատներուն հետ Թուարէկներուն հետ, անոնց` որոնք շատ հեռու էին իր մտայնութենէն։ Եւ այդ կապերը ստեղծեցին եղբայրութիւն, ընդելուզում, միւսին մշակոյթին արժեւորում։

«Եղբայր Շարլը ժպիտով ու պարզութեամբ կը վկայէր Աւետարանը», յարեց ապա Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով մենք մեզի հարց տալու` եթէ մենք ալ կ՛ապրինք քրիստոնէական ուրախութիւնը ու զայն կը տանինք ուրիշներուն....քրիստոնէական հեզութիւնը, քրիստոնէական քնքշութիւնը, քրիստոնէական կարեկցութիւնը եւ քրիստոնէական մօտիկութիւնը» ըսաւ Քահանայապետը աւարտելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/10/2023, 09:29

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >