Որոնել

Աւետարանում եւ մշակոյթ իրար հետ զօդուած են. Ֆրանչիսկոս Պապ

Սուրբ Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս` Սլաւ ժողովուրդներու առաքեալներըուն տիպարը առանցքը կազմեց չորեքշաբթի օրուայ Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութեան
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 25 հոկտեմբեր 2023ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը աւանդութեան համաձայն Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ նախագահեց հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալներ եւ որուն առիթով շարունակելով աւետարանութեան կիրքի եւ հաւատացեալի առաքելական եռանդի մասին խորհրդածութիւններու շարքը, Ան որպէս տիպար ներկայացուց Սուրբ Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս եղբայրները` Սլաւ ժողովուրդներու առաքեալները։

Սուրբ Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս եղբայրները

«Այսօր ձեզի պիտի խօսիմ քրիստոնէական արեւելքի երկու հռչակաւոր եղբայրներու մասին, որոնք կոչուած են «Սլաւ ժողովուրդներու առաքեալներ»` Սուրբ Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս» ըսաւ Քահանայապետը սկիզբ տալով խորհրդածութեան ու նշելով, թէ անոնք «ծնած էին Յունաստանի մէջ, իններորդ դարուն, ազնուական ընտանիքի մը յարկին տակ ու հրաժարած էին իրենց քաղաքական ասպարէզէն նուիրուելու համար վանական կեանքին»։

Անոնք` որպէս առաքեալներ կ՛ուղարկուին Մեծ Մորավիա, որ այդ ժամանակ կը ներառեր տարբեր ժողովուրդներ, որոնք արդեն մասամբ աւետարանուած էին, բայց որոնց մէջ պահպանուած էին բազմաթիւ հեթանոսական սովորոյթներ և աւանդոյթներ։ Այդ ժողովուրդներու իշխանը ուսուցիչ մը կը փնտռէր` որ անոնց բացատրեր քրիստոնէական հաւատքը իրենց մայրենի լեզուով։

Մշակութայնացումը

«Կիւրեղին ու Մեթոտիոսին առաջին պարտականութիւնը կ՛ըլլայ սորվիլ այդ ժողովուրդներուն մշակոյթը։ Եւ տեսնելով` որ անոնք «այբուբեն» մը չունէին կը հնարէն անոնց համար այբուբեն մը, մեկնակով այն իրողութենէն, որ կարելի չէ ճառ մը գրել ջուրին վրայ ու թէ Աւետարանը քարոզելու եւ աղօթելու համար պէտք է ունենալ սեփական գործիք, պատշաճ ու յատուկ» ըսաւ ապա Քահանայապետը։

«Կիւրեղը ուրեմն կը հնարէ այբուբենը, որ Անոր թոյլ կու տայ թարգմանել Աստուածաշունչը և պատարագի աղօթքները: Մարդիկ այդպիսով կը սկսին զգալ, որ քրիստոնէական հաւատքը այլևս «օտար» չէ, այլ դարձաւ սեփական հաւատք, խօսուած մայրենի լեզուով» շարունակեց Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով` «Այդ երկու վանականներու սրտի բացուածքը թոյլ տուաւ, որ Աւետարանը արմատանայ այդ ժողովուրդներուն մէջ»։

Սեփական լեզուով փառաբանել Տէրը

Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշեց նաեւ մի քանի Լատիններու կողմէ յառաջացած հակասութիւններուն, որոնք կը հաստատէին, թէ կարելի է Աստուած փառաբանել միայն Խաչին վրայ գրուած երեք լեզուներով` Եփրայերէն, Յունարէն ու Լատիներէն։ Կիւրեղը սակայն անոնց կը պատասխանէ` որ «Աստուած կ՛ուզէ որ իւրաքանչիւր ժողովուրդ զԻնք փառաբանէ իր սեփական լեզուով» եւ իր եղբօր Մեթոտիոսի հետ միասին կը դիմեն Քահանայապետին, որ կը վաւերացնէ Սլաւ լեզուով ծիսական գիրքերը ու զանոնք կը զետեղէ Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարի կեդրոնական խորանին վրայ ու ինք եւս այդ գիրքերու համաձայն կը փառաբանէ Տէրը։

Եւրոպայի համապաշտպան սուրբեր

«Կիւրեղը կը մահանայ այս դէպքէն մի քանի օրեր ետք ու Անոր մասունքները կը գտնուին Հռոմի Սուրբ Կղէմէս Պազիլիքայի մէջ» յարեց ապա Քահանայապետը նշելով նաեւ, որ Մեթոտիոսը Եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի եւ կ՛ուղարկուի Սլաւ երկիրներ` ուր կ՛ենթարկուի ծանր հալածանքներու, նոյնիսկ բանտարկութեան, բայց եւ այնպէս Աստուծոյ խօսքը կը տարածուի այդ ժողովուրդներու միջեւ։

«Այս երկուքի վկայութիւններէն մեկնելով է, որ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը զանոնք նշանակեց Եւրոպայի Համապաշտպան սուրբեր եւ որոնց նուիրեց «Slavorum Apostoli» յորդորագիրը» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով երեք իրողութիւններու մասին` միութիւնը, մշակութայնացումը եւ ազատութիւնը։

Միութիւնը

«Նախ եւ առաջ միութիւնը` Յոյները, Քահանայապետը, Սլաւները. Այդ ժամանակ Եւրոպայի մէջ գոյութիւն ունէր ոչ բաժնուած քրիստոնէութիւն մը, որ կը համագործակցէր աւետարանութեան ի սպաս» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Աւետարանում եւ մշակոյթ իրար հետ զօդուած են

«Մշակութայնացումը. Աւետարանում եւ մշակոյթ իրար հետ զօդուած են»։ Կարելի չէ վերացական կերպով քարոզել Աւետարանը` Աւետարանը պէտք է որ մշակութայնացուի եւ ան մշակոյթին արտայայտութիւն է» յարեց Նորին Սրբութիւնը:

Ազատութիւն

«Վերջին երեւոյթը ազատութիւնն է։ Աւետարանութեան ժամանակ կարիքը կայ ազատութեան ու ազատութիւնը միշտ կարիք ունի քաջութեան, անձ մը ազատ է երբ աւելիով քաջ է եւ թոյլ չի տար կաշկանդուիլ այն բաներուն, որ ազատութիւնը կը խլեն» ըսաւ հուսկ Քահանայապետը ու խորհրդածութիւնը աւարտեց հրաւիրելով սուրբ Կիւրեղէն և Մեթոտիոսէն խնդրել ուրիշներուն համար ըլլալու գթութեան մէջ ազատութեան գործիքներ։ Ըլլալ ստեղծագործ, ըլլալ հետեւողական եւ ըլլալ խոնարհ` աղօթքով եւ ծառայութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/10/2023, 09:30

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >