Որոնել

Պատերազմի լուսանկար Պատերազմի լուսանկար  (2022.12.08 Salvatore Cernuzio- Vatican News)

Հեռախօսազրոյց Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Պայտընի միջեւ. Գտնել խաղաղութեան ուղիներ

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հաղորագրութեամբ մը տեղեկացուց Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Պայտընի միջեւ տեղի ունեցած հեռախօսազրցոյցի մասին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի, 22 հոկտեմբերի յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ` ՃՕ Պայտընի միջեւ տեղի ունեցած է շուրջ 20 վայրկեան տեւող հեռախօսազրոյց։ Լուրը Հաղորդեց Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակը տեղեկացնելով, որ զրոյցին նիւթ եղած են աշխարհի մէջ հակամարտութիւնները ինչպէս նաեւ խաղաղութեան ուղիներ գտնելու անհրաժեշտութիւնը։ 

հեռախօսազրոյցը տեղի ունեցած Է Ֆրանչիսկոս Պապին խնդրանքին վրայ, նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Յիշենք, որ կիրակի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Պապ Մարեմեան աղօթքի աւարտին իր գրասենեակի պատուհանէն կոչ ուղղեց աշխարհի մէջ խաղաղութեան համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/10/2023, 10:05