Որոնել

TOPSHOT-PALESTINIAN-ISRAEL-GAZA-CONFLICT

Պատերազմը միշտ ալ պարտութիւն է` եղբայրութեան քանդում է. Ֆրանչիսկոս Պապ

Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց հուսկ, որ յառաջիկայ 27 հոկտեմբերը հռչակուած է ծոմապահութեան, ապաշխարութեան ու աղօթքի օր ու թէ այդ երեկոյ ժամը վեցին «Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ պիտի ապրինք աղօթքի ժամ մը աշխարհին համար հայցելու խաղաղութիւնը» ըսաւ Ան, ապա յիշեց` թէ այսօր կը յիշատակուի Միսիոներական Համաշխարհային օրը, որուն բնաբանն է «Այրուող սրտեր, ուղեւորութեան մէջ ոտքեր»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 22 Հոկտեմբեր 2023ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած աւանդական Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը ուղղելով ս. Պետրոս հրապարակ ժամանած ուխտաւորներուն նախ յիշեց ու ցաւ ու մտահոգութիւն արտայայտեց Իսրայէլի ու Պաղեստինի մէջ պատահածին համար։

«Մեծապէս մշտահոգ ու տխուր եմ, կ՛աղօթեմ եւ մօտիկ եմ բոլոր անոնց` որոնք կը տառապին, պատանդներուն, վիրաւորներուն ու զոհերուն եւ անոնց ընտանիքներուն համար» ըսաւ Սրբազան Պապը։

«Կը մտածեմ Կազայի մէջ մարդասիրական ծանր իրավիճակին եւ ինձ կը տխրեցնէ նաեւ այն իրականութիւնը, որ Անկլիքան հիւանդանոցը եւ Յոյն Օրթոտոքս ժողովրդապետութիւնը անցեալ օրերուն թիրախաւորուեցան» աւելցուց Ան ու նորոգեց կոչը` «որպէսզի բացուին տարածքները ու մարդասիրական օգնութիւնները շարունակեն հասանելի դառնալ ու ազատ արձակուին պատանդները»։

«Պատերազմը, աշխարհին մէջ գոյութիւն ունեցող իւրաքանչիւր պատերազմ պարտութիւն է։ Պատերազմը մշտապէս պարտութիւն է, անիկա մարդկային եղբայրութեան քանդում է» հաստատեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը ապա սրտագին կոչ ուղղեց ըսելով. «Եղբայրներ խնդրեմ կանգ առէք։ Կանգ առէք» մտաբերելով նաեւ Ուքրանիոյ պատերազմը։

Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց հուսկ, որ յառաջիկայ 27 հոկտեմբերը հռչակուած է ծոմապահութեան, ապաշխարութեան ու աղօթքի օր ու թէ այդ երեկոյ ժամը վեցին «Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ պիտի ապրինք աղօթքի ժամ մը աշխարհին համար հայցելու խաղաղութիւնը» ըսաւ Ան, ապա յիշեց` թէ այսօր կը յիշատակուի Միսիոներական Համաշխարհային օրը, որուն բնաբանն է «Այրուող սրտեր, ուղեւորութեան մէջ ոտքեր»։

«Երկու պատկերներ, որոնք ամէն բան կը բացայայտեն» հաստատեց Ան եւ ողջոյնի խօսքեր ուղղեց հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու զանազան խումբերուն։ Ապա խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ սովորութեան համաձայն խնդրելով, որ չի մոռնան իրեն համար աղօթելու։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/10/2023, 12:29