Որոնել

Երանելի Խօսէ Կրէկորիօ Հերնանտէս Չիզներոսը` աղքատներուն բժիշկը եւ խաղաղութեան առաքեալ

Սրբազան Պապը չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Վենեզուելլացի բժիշկին վրայ որ հասկցաւ թէ հիւանդներուն խնամակալութեան միջոցաւ գործադրած պիտի ըլլար Աստուծոյ կամքը, օգնութեան հասնելով տառապողին, յոյս ներշնչելով աղքատին, ու հաւատքը վկայելով ոչ թէ խօսքերով այլ օրինակով։ «Այսպէսով Ան բժշկութիւնը ընդունեց, որպէս քահանայութիւն` «մարդկային ցաւի քահանայութիւն» ըսաւ Քահանայապետը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Չորեքշաբթի 13 սեպտեմբեր 2023ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը մասնակցութեամբ իտալիայի տարբեր քաղաքներէն ու աշխարհիս տարբեր երկիրներէն ժամանած բազմահազար հաւատացեալներուն։

Շարունակելով հաւատացեալի աւետարանական կիրքի եւ առաքելական եռանդի մասին խորհրդածութիւններուն շարքը, Նորին Սրբութիւնը, որպէս օրինակ ներկայացուց Երանելի Խօսէ Կրէկորիօ Հերնանտէս Չիզներոսը` աղքատներուն բժիշկը եւ խաղաղութեան առաքեալը։

Երանելի Խօսէ Կրէկորիօ Հերնանտէս Չիզներոս

Այսօր կը փոխադրուինք Լատին Ամերիկա ու մասնաւորապէս Վենեզուելլա բացայայտելու համար բժիշկի մը պատկերը` Երանելի Խօսէ Կրէկորիօ Հերնանտէս Չիզներոս։ Ան ծնած էր 1864-ին եւ հաւատքին մօտեցած հարազատ մօր միջոցաւ, ինչպէս կը պատմէ Ան. «Մայրս օրօրոցին մէջ ինծի սորվեցուց առաքինութիւնը, ինձ աճեցուց Աստուծոյ ճանաչողութեան մէջ և որպէս ուղեցոյց պատուիրեց բարեգործութիւնը»:

Բարեգործութիւնը` կեանքը առաջնորդող բեւեռային աստղ

Բարեգործութիւնը իրապէս եղաւ Երանելի Խօսէ Կրէկորիոյի կեանքը առաջնորդող բևեռային աստղը։ Խելացի եւ ազնիւ անձ մը, ան դարձաւ բժիշկ եւ համալսարանական ուսուցիչ ու գիտնական։ Բայց ամէնէ առաջ Ան միշտ մօտիկ եղաւ աւելիով դիւրաբեկներուն, մինչեւ այն աստիճան որ ճանչցուեցաւ որպէս «աղքատներուն բժիշկը»։

Դրամի հարստութիւններուն ան նախընտրեց Աւետարանի հարստութիւնը՝ իր կեանքը նուիրելով կարիքաւորներու օգնութեան, որոնց մէջ կը տեսնէր Յիսուսը: Ան չփնտռեց փառքն ու պատիւը աշխարհի մէջ, բայց այդ փառքը ընկալեց մարդոցմէ որոնք զինք կը կոչէին «ժողովուրդին սուրբը», «սիրոյ առաքեալը», «յոյսին միսիոնարը»։

Մարդկային ցաւի քահանայութիւնը

Խօսէ Կրէկորիոն ոգեւորուած էր ներքին կրակով, կեանքը ապրելու  Աստուծոյ և մերձաւորին ծառայելու իղձով: Եւ մղուած այս գորովէն` մի քանի անգամ փորձեց դառնալ կրօնաւոր ու քահանայ, սակայն տարբեր առողջական խնդիրները արգելք հանդիսացան այդ քայլին։ Ֆիզիկական դիւրաբեկութիւնը սակայն զինք չի մղեց ինքնիր մէջ փակուելու այլ դառնալու աւելիով զգայուն բժիշկ մը` հանդէպ մերձաւորի կարիքներուն։

Ահա իսկական առաքելական եռանդը՝ չի հետևիլ սեփական նկրտումներուն, այլ պատրաստ ըլլալ հետևելու Աստուծոյ ծրագրերուն: Այդպիսով է` որ Ան հասկցաւ թէ հիւանդներուն խնամակալութեան միջոցաւ գործադրած պիտի ըլլար Աստուծոյ կամքը, օգնութեան հասնելով տառապողին, յոյս ներշնչելով աղքատին, ու հաւատքը վկայելով ոչ թէ խօսքերով այլ օրինակով։ Այսպէսով Ան բժշկութիւնը ընդունեց, որպէս քահանայութիւն` «մարդկային ցաւի քահանայութիւն»։

Խաղաղութեան առաքեալ

Անոր ուժին աղբիւրը Աստուծոյ հետ մտերմութիւնն էր։ Անիկա աղօթքի մարդ էր. Ամէն օր ներկայ կը գտնուէր պատարագին եւ Յիսուսին հետ այս կապէն մեկնելով  Խօսէ Կրէկորիօ նոյնպէս կը զգար, որ կոչուած էր իր կեանքը նուիրելու խաղաղութեան:  29 Յունիս 1919ին բարեկամ մը այցելութիւն կու տայ Խօսէ Կրէկորիոյին ու զայն կը գտնէ ուրախ վիճակի մէջ. Ան արդարեւ տեղեկացած էր` որ ստորագրուած է պատերազմին վերջ տուող համաձայնագիրը եւ իր աղօթքը լսելի դարձած էր։

Այդ նոյն առաւօտուն Ան մասնակցած էր Սուրբ պատարագին եւ ահա դուրս կու գայ դեղ տանելու համար հիւանդի մը։ Բայց մինչ ճամբան մէկ ծայրէն միւսը կ՛անցնէր ինքնաշարժի արկածի զոհ կը դառնայ եւ հիւանդանոց փոխադրուած կը մահանայ մինչ կը կրկնէր Աստուածամօր անունը։ Անոր երկրային ճանապարհորդութիւնը անսպասելի կերպով աւարտեցաւ փողոցին մէջ, մինչ ողորմութեան գործ մը կը կատարէր, և հիւանդանոցի մը մէջ , ուր Ան իր աշխատանքը դարձուցած էր բարիի գլուխգործոց։

Յառաջ ընթանալ Երանելի Կրէկորիոյի օրինակով

«Այս վկային կողքին եկէք մենք մեզի հարց տանք. Ես ի՞նչպէս կը վերաբերուիմ` Յիսուսին դիմաց, որ ներկայ է իմ մօտս գտնուող աղքատներուն ու աշխարհի մէջ տառապող մարդոց մէջ») ըսաւ ապա Քահանայապետը ու հրաւիրեց յանձնառու ըլլալ ընկերային, տնտեսական ու քաղաքական այսօրուայ հարցերուն դիմաց։ Շատեր կը խօսքին, ուրիշներ կը բանբասեն ու բազմաթիւեր կը քննադատեն ու կ՛ըսեն թէ ամէն բան վատ կ՛ընթանայ։ Քրիստոնեան սակայն չէ կոչուած այս բաները ընելու, այլ ձեռքերը կեղտոտելու, եւ ամէնէն առաջ աղօթելու ու ապա յանձնառու ըլլալու խթանելու բարին, կառուցելու խաղաղութիւնը, եւ ճշմարտութեան մէջ արդարութիւնը։ Այս ալ առաքելական կիրք է, Աւետարանի հռչակում է, քրիստոնէական երանութիւն է. « Երանի խաղարարներուն» (Մատթ. 5,9)։

«Յառաջ ընթանանք Երանելի Կրէկորիոյի օրինակով` աշխարհական մը, բժիշկ մը, առօրեայ աշխատանքի մարդ մը որուն առաքելական եռանդը զինք մղեց իր կեանքի ընթացքին ապելու եղբայրսիրութիւնը», ըսաւ Քահանայապետը աւարտելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/09/2023, 09:30

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >