Որոնել

«Սրբուհի Մէրի ՄէքՔիլլոփը տիպար Աւետարանական կիրքին». Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւն։

Սրբութեան տանող ճանապարհին վրայ աղքատներն ու մեկուսացուածները դերակատարներ են եւ անձ մը չի կարող սրբութեան ճանապարհին վրայ ընթանալ եթէ չի նուիրուիր նաեւ անոնց։ Անոնք Տիրոջ ներկայութիւն են։ Աշխարհի մէջ կայ մեծ անարդարութիւն որ է աղքատութիւնը։ Զէնքերու կ՛արտադրուին փոխանակ ուտեստեղէնի» ըսաւ ի միջի այլոց Քահանայապետը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Չորեքշաբթի 28 Յունիս 2023ին Ֆրանչիսկոս Պապը հիւանդութեան ու վիրաբուժական գործողութեան բերումով ստիպողական երկու շաբաթ տեւած դադարէն ետքը, դարձեալ նախագահեց Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կայացած չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան, որուն ընթացքին շարունակելով Աւետարանումի կիրքի եւ առաքելական եռանդի մասին խորհրդածութիւններու շարքը, վերոնշեալ առաքինութիւններուն որպէս վկայ ներկայացուց Սրբուհի Մէրի ՄէքՔիլլոփը։

Սրբուհի Մէրի ՄէքՔիլլոփը` արտակարգ կրօնաւորուհի

Քահանայապետը խօսքը սկսաւ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր ներկաներուն, որոնք հակառակ տաքին եկած են մասնակցելու ունկնդրութեան։ Ան ապա նշեց, թէ «առաքելական կիրքին նուիրուած խորհրդածութիւնները շարունակելով այսօր կ՛երթանք Ովկիանիա` փոքր ու մեծ բազմաթիւ կղզիներէ կազմուած ցամաքամաս» ուր «Քրիստոսին հաւատքը` որ այնտեղ տարած էին եւրոպացի գաղթականները, շուտով արմատներ դրաւ ու տուաւ իր առատ պտուղները»։

«Անոնցմէ մին արտակարգ կրօնաւորուհի Սրբուհի Մէրի ՄաքՔիլլոփն է (1842-1909), Սուրբ Սրտին Սուրբ Յովսէփի միաբանութեան հիմնադիրը, որ իր կեանքը նուիրեց Աւստրալիայի գիւղական շրջաններու աղքատներու կրօնական եւ մտաւոր կրթութեան» յարեց Նորին Սրբութիւնը:

Բարի լուրը եւ երիտասարդներու դաստիարակութիւնը

Մէրի ՄէքՔիլլոփը ծնած էր Մելպուրն Սքովտիայէն Աւստրալիա գաղթած ընտանիքի մը յարկին տակ։ Ան Աստուծմէ կոչումը կը ստանայ ծառայելու Անոր ու Անոր մասին վկայելու իր փոխակերպուած կեանքով։ Մարիամ Մագդաղենացիին նման, որ եղաւ առաջինը, որ Յիսուսին հանդիպեցաւ անոր յարութենէն ետքը ու Անորմէ ուղարկուեցաւ աշակերտներուն տանելու բարի լուրը, Մէրին եւս համոզուած էր իր պարտականութեան մէջ` Բարի Լուրը տանելու եւ մարդիկը ներքաշելու, որպէսզի հանդիպին Կենդանի Աստուծոյ հետ։ Ան կը հասկնայ թէ այս մէկը իրագործելու լաւագոյն ճանապարհը երիտասարդներուն դաստիարակութիւնն է, որ է նաեւ Աւետարանութեան ձեւ մը։ 19 Մարտ 1866ին Սուրբ Յովսէփի տօնին օրը բացումը կը կատարէ փոքր դպրոցի մը, որուն կը յաջորդեն այլ դպրոցներու բացում Աւստրալիոյ գիւղական այլ շրջաններուն մէջ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Անհատի համապարփակ զարգացում

Ան կը մտածէր` թէ կրթութեան նպատակը անհատի համապարփակ զարգացումն է, ըլլայ որպէս անհատ ըլլայ որպէս հասարակութեան մը անդամ։ Իրօք, կրթութիւնը չի կայանար գլուխը գաղափարներով լեցնելու մէջ, այլ ուղեկցելու և քաջալերելու ուսանողները, մարդկային և հոգևոր աճի ճանապարհին վրայ, ցոյց տալով, թէ ինչպէս Յարուցեալ Յիսուսին հետ բարեկամութիւնը սրտերը կը լայնեցնէ։ Այս տեսլականը լիովին արդիական է այսօր, երբ մենք կը զգանք ընտանիքներուն, դպրոցներուն և ողջ հասարակութիւնները համախմբելու ունակ «կրթական դաշնագրի» անհրաժեշտութիւնը» ըսաւ հուսկ Քահանայապետը։

խնամք տանիլ աղքատներուն ու մեկուսածներուն

Ան ապա մատնանշեց, թէ Սրբուհի Մէրի ՄէքՔիլլոփի աւետարանական կիրքի մէկ յատկութիւնը աղքատներուն ու մեկուսացեալներուն խնամք տանիլն էր, «այս մէկը շատ կարեւոր է» ըսաւ Սրբազան Պապը, սրբութեան  տանող ճանապարհին վրայ աղքատներն ու մեկուսացուածները դերակատարներ են եւ անձ մը չի կրնար սրբութեան ճանապարհին վրայ ընթանալ եթէ չի նուիրուիր նաեւ անոնց։ Անոնք Տիրոջ ներկայութիւնն են։

Սրբազան Պապը աւելցուց ապա, թէ աշխարհի մէջ կայ մեծ անարդարութիւն` որ է աղքատութիւնը, դատապարտելով այս ուղղութեամբ զէնքերու արտադրութիւնը փոխանակ ուտեստեղէնի, ապա հաստատեց որ «այս մէկը Մէրին առաջնորդեց այնտեղ ուր շատեր չէին երթար»։

Ան արդարեւ կը հիմնէ «Նախախնամութեան Տուն» մը` հիւրընկալելու համար աղքատ մանուկներ ու տարեց մարդիկը։ Անոր խոր հաւատքն ու վստահութիւնը Աստուծոյ նախախնամութեան հանդէպ զայն զերծ չի պահեցին առաքելութեան հետ կապրուած բազմաթիւ դժուարութիւններէն։ Ան սակայն մնաց միշտ հանդարտ, կրելով իր խաչը, որ մաս կը կազմէր իր առաքելութեան։

Յանուն աւելի մարդկային ու յուսադրող ապագայի

Եղբայրներ և քոյրեր, Սրբուհի Մէրի ՄէքՔիլլոփի միսիոներական աշակերտութիւնը, Անոր ստեղծագործական արձագանքը իր ժամանակի Եկեղեցւոյ կարիքներուն, երիտասարդներու ամբողջական կազմաւորման ուղղուած անոր նուիրուածութիւնը` այսօր եւս թող ոգեշնչում ըլլան մեզի բոլորիս, որ կոչուած ենք ըլլալու աւետարանի թթխմորը մեր արագ փոփոխութեան ենթարկուած հասարակութիւններուն մէջ։

Թող Անոր օրինակն ու բարեխօսութիւնը աջակցին ծնողներուն, ուսուցիչներուն, կրօնուսոյցներուն և բոլոր դաստիարակներուն իրենց ամենօրեայ աշխատանքին մէջ՝ ի բարօրութիւն երիտասարդներու և յանուն աւելի մարդկային ու յուսադրող ապագայի:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/06/2023, 09:16

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >