Որոնել

Pope Francis is still hospitalized at Rome's Gemelli hospital

«Անցած գիշերը եւս լաւ անցաւ» Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը Ճեմելլի հիւանդանոցի մէջ գտնուող Քահանայապետի մասին

Մինչ այդ կը շարունակուին Ֆրանչիսկոս Պապին հասցէին ուղղուած համայն աշխարհէն շուտափոյթ ապաքինումի բարի մաղթանքները, որոնց շարքին նաեւ Մանուկ Յիսուս մանկաբուժարանի մէջ խնամուած մանուկները, որոնք թուիթի եւ գծագրութեան մը միջոցաւ Քահանայապետը քաջալերեցին գրելով. «Մի վախնար` մենք քու հետդ ենք»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Անցած գիշերը եւս լաւ անցաւ » Telegram ընկերային ցանցի վրայ հրատարակուած այս հակիրճ խօսքերով Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ Քահանայապետը, որ անցեալ չորեքշաբթի օր Ճեմելլի հիւանդանոցին մէջ վիրաբուժական գործողութեան ենթարկուեցաւ, երկրորդ գիշերը եւս անցուց հանգիստ։ Գրառումին մէջ կը հաղորդուի նաեւ թէ «յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի տարածուին աւելի ուշ»։

Յիշեցնենք, որ անցեալ չորեքշաբթի օր, 7 Յունիսին, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կայացած չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը փոխադրուելցաւ Ճեմելլի հիւանդանոց, ուր նոյն օրուայ կէսօրէն ետքը ենթարկուեցաւ որովայնահտաման եղանակով որովայնի պատի վերականգնողական վիրահատութեան։ 

Նոյն օրը երեկոյեան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Քահանայապետին վիրահատական գործողութիւնը կատարող բժիշկ`  Ճեմելլի հիւանդանոցի Որովայնային և էնտոկրին նիւթափոխանակութեան բժշկական և վիրաբուժական գիտութիւններու ամպիոնի տնօրէն` Փրոֆ. Սերճօ Ալֆիերի  լրագրողներուն փոխանցեց գործողութեան հայող  մանրամասնութիւններ յայտնելով` որ գործողութիւնը յաջող անցած է ու թէ Քահանայապետը կարիքը ունի մի քանի օրուայ հանգստեան։ 

Միշտ չորեքշաբթի 7 Յունիսին Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը յայտարարեց, թէ «մինչեւ 18 Յունիս, որպէս նախազգուշական միջոց, դադրած կը համարուին Քահանայապետին բոլոր ունկնդրութիւնները»։

Մենք քու հետդ ենք, մի վախնար
Մենք քու հետդ ենք, մի վախնար

Մինչ այդ կը շարունակուին Ֆրանչիսկոս Պապին հասցէին ուղղուած համայն աշխարհէն շուտափոյթ ապաքինումի բարի մաղթանքները, որոնց շարքին նաեւ Մանուկ Յիսուս մանկաբուժարանի մէջ խնամուած մանուկները` որոնք թուիթի եւ գծագրութեան մը միջոցաւ Քահանայապետը քաջալերեցին գրելով. «Մի վախնար մենք քու հետդ ենք»

Ճեմելլի հիւանդանոց
Ճեմելլի հիւանդանոց

Ուրբաթ 9 Յունիսի հաղորդագրութիւնը

Ուրբաթ 9 Յունիսի կէսօրուայ ժամերուն հրատարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ, Մաթթէօ Պրունի յայտարարեց թէ Ֆրանչիսկոս Պապը գիշերուայ ընթացքին հանգստացաւ։ Բժիշկներու անձնակազմը կը տեղեկացնէ որ կլինիկական պատկերը աստիճանաբար բարելաւումի մէջ է, իսկ յետվիրահատական ​​ընթացքը կանոնաւոր»։

Նախաճաշից ետքը Նորին Սրբութիւնը սկսաւ շարժումի ընթացքը, առաւօտեան մեծ մասը անցուց բազկաթոռի վրայ։ Այս մէկը անոր թոյլ տուաւ կարդալ թերթերը և վերսկսել իր սկզբնական աշխատանքը։

Վերջին թարմացումը` 9 Յունիս 2023 ժամը 12,50

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/06/2023, 10:00