Որոնել

Սրբազան Պապը կը մկրտէ փոքրիկն Միկել Անկելը 31 Մարտ 2023ին Սրբազան Պապը կը մկրտէ փոքրիկն Միկել Անկելը 31 Մարտ 2023ին 

Քահանայապետը հեռաձայնած է Միկել Անկելի մօրը` մանուկը զոր ինք մկրտեց Ճեմելլիի մէջ

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը յայտնեց նաեւ թէ «Սովորական յաջորդական քննութիւնները լաւ արդիւնք տուած են» ու թէ Քահանայապետը «ամբողջ օրուայ ընթացքին պիտի պահպանէ յետվիրահատական անհրաժեշտ ​​հանգիստը»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան        
        

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունի հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը հայող Ֆրանչիսկոս Պապին առողջական իրավիճակի մասին որուն մէջ Ան հաստատեց թէ «Քահանայապետին յետվիրահատական ​​ընթացքին հետևող բուժանձնակազմը կը տեղեկացնէ, որ Ֆրանչիսկոս Պապը խաղաղ գիշեր մը անցուց ու կարողացաւ երկար հանգստանալ. Ան կը գտնուի ընդհանուր լաւ վիճակի մէջ, զգօն է և կը շնչէ ինքնաբուխ»։

Պրունին յայտնեց նաեւ թէ «Սովորական յաջորդական քննութիւնները լաւ արդիւնք տուած են» ու թէ Քահանայապետը «ամբողջ օրուայ ընթացքին պիտի պահպանէ յետվիրահատական անհրաժեշտ ​​հանգիստը»։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը աւելցուց նաեւ որ Ֆրանչիսկոս Պապը տեղեկացած է վերջին մի քանի ժամերուն հասած մօտիկութեան եւ գուրգուրանքի պատգամներու մասին եւ իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ բոլորին՝ միաժամանակ խնդրելով շարունակել աղօթել իր համար»։

Օրուայ աւարտի նոր հաղորդագրութիւն

Հինգշաբթի 8 Յունիսի երեկոյեան Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Մաթթէօ Պրունին տեղեկացուց` թէ «Ֆրանչիսկոս Պապը ունեցաւ հանգստեան օր մը» ու թէ «Քահանայապետին յետվիրահատական ​​ընթացքին հետևող բուժանձնակազմը յայտնեց որ Սրբազան Պապը սնուեցաւ ջուրով» ու թէ «շնչառական ցուցանիշները կայուն են» ինչպէս նաեւ «յետվիրահատական ​​ընթացքը կանոնաւոր է»։

«Կէսօրէն ետքը` Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնին առիթով Սրբազան Քահանայապետը ստացաւ Սուրբ Հաղորդութիւնը» տեղեկացուց ապա Մաթթէօ Պրունին ու ակնարկելով մօտիկութեան բազմաթիւ մաղթանքներուն նշեց թէ «Քահանայապետի սրտին դպաւ յատկապէս փոքրիկն Միկել Անկելի ընտանիքին ցուցաբերած մօտիկութիւնը»։ Միկել Անկելը այն մանուկն է զոր Քահանայապետը մկրտեց անցեալ 31 մարտին Ճեմելլի հիւանդանոցի մանկական ուռուցքաբանութեան և մանկական նեարդավիրաբուժութեան բաժանմունքի այցելութեան ժամանակ։

Միկել Անկելի ծնողաց մաղթանքները
Միկել Անկելի ծնողաց մաղթանքները

Միկել Անկելը Քահանայապետին ուղարկեց շուտափոյթ ապաքինումի մաղթանքներով պաստառ մը։ Այս առիթով Քահանայապետը ուզեց անձամբ շնորհակալութիւն յայտնել Միկել Անկելի մօր անոր հետ ունենալով հակիրճ հեռախօսազրոյց։

Վերջին թարմացումը 8 Յունիս 2023 ժամը 19.45

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/06/2023, 12:38