Որոնել

Ճեմելլի հիւնադանոց Ճեմելլի հիւնադանոց  (Vatican Media)

Աւարտած է Քահանայապետին վիրահատական գործողութիւնը առանց բարդութիւններու։ Առաջին գիշերը անցաւ հեզասահ։

Այսօրուընէ մինչեւ 18 Յունիս որպէս նախազգուշական միջոց դադրած կը համարուին Քահանայապետին բոլոր ունկնդրութիւնները։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 7 Յունիսի առաւօտեան` Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը փոխադրուեցաւ Ճեմելլի հիւանդանոց, ուր կէսօրէն ետքը ենթարկուեցաւ վիրահատական մէկ գործողութեան, որ, ինչպէս յայտարարեց Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը` Տիար Մաթթէօ Պրունի աւարտեցաւ առանց բարդութիւններու ու տեւեց երեք ժամ։

Ունկնդրութիւնները դադրած

Յայտնենք` որ Ֆրանչիսկոս Պապին հիւանդանոց փոխադրուելէն ետքը Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն նշեց` որ այսօրուընէ մինչեւ 18 Յունիս որպէս նախազգուշական միջոց դադրած կը համարուին Քահանայապետին բոլոր ունկնդրութիւնները»

Պրունին ապա երեկոյեան ժամը 18,30ի ժամանակ յայտարարեց թէ Քահանայապետին վիրահատական գործողութիւնը աւարտած է ու թէ տեւած է երեք ժամ բարեբախտաբար առանց բարդութիւններու։

Մամլոյ ասուլիս 

Չորեքշաբթի երեկոյեան Ճեմելլի հիւանդանոցի մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ Քահանայապետին գործողութիւնը կատարող Ճեմելլի հիւանդանոցի Որովայնային և էնտոկրին նիւթափոխանակութեան բժշկական և վիրաբուժական գիտութիւններու ամպիոնի տնօրէն` Փրոֆ. Սերճօ Ալֆիերի որ լրագրողներուն փոխանցեց գործողութեան հայող  մանրամասնութիւններ ինչպէս նաեւ յետ գործողութեան վերականգնումի ժամանակաշրջանին մասին տեղեկութիւններ։ 

Փրոֆ. Սերճօ Ալֆիերի նշեց ապա թէ առայժմ «Քահանայապետը լաւ վիճակի մէջ է» ու թէ «յառաջիկայ օրերուն աւելի յստակ կը դառնայ թէ ինչպէս Ֆրանչիսկոս Պապը պիտի դիմագրաւէ յետգործողութեան ընթացքը»։

Փրոֆ. Ալֆիերին հաստատեց նաեւ թէ` «մէկ անգամ ընդմիջ» Քահանայապետը այլ հւանդութիւններէ չի տառապիր ու յատկապէս «վիրահատութիւնը` որուն ենթարկուեցաւ երկու տարիներ առաջ բարորակ էր և հետքեր չի թողուր», ապա` թէ առ այժմ «այլ հիւանդութիւններ չեն յայտնաբերուած»։

Շուտափոյթ  ապաքինման մաղթանքներ

Քահանայապետին Ճեմելլի փոխադրուելու լուրի տարածումէն ետքը բազմաթիւ եղան Անոր հասցէին ուղղուած շուտափոյթ ապաքինման մաղթանքները, սկսեալ Սպիտակ Տունէն, աշխարհի տարբեր եպիսկոպոսական համահաւաք դասերէն, քաղաքական անձնաւորութիւններէն ու մշակոյթի աշխարհէն մինչեւ ամենապարզ հաւատացեալները ու Ճեմելլի հիւանդանոցի փոքրիկ հիւանդները` որոնք Քահանայապետին նուիրեցին յատուկ գծագրութիւններ։

Վերջին լուր

Հինգշաբթի առաւօտեան Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը յայտարարութեամբ մը հաստատեց` թէ Քահանայապետին յետգործողութեան առաջին գիշերը անցաւ հեզասահ։

Վերջին թարմացում` 8 Յունիս 2023 ժամը 9,15

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/06/2023, 20:15