Որոնել

Քահանայապետը փոխադրող ինքնաշարժը դէպի Ճեմելլի հիւանդանոց Քահանայապետը փոխադրող ինքնաշարժը դէպի Ճեմելլի հիւանդանոց   (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապ Ճեմելլի հիւանդանոց կը փոխադրուի նոր վիրահատական գործողութեան համար

Ֆրանչիսկոս Պապը փոխադրուեցաւ Ակոսթինօ Ճեմելլի Համալսարանական բազմաբուժարան, ուր կէսօրէն ետքը ընդհանուր անզգայնացման տակ պիտի ենթարկուի որովայնահտաման եղանակով որովայնի պատի վերականգնողական վիրահատութեան»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր` Չորեքշաբթի 7 Յունիսին, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ նախագահած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապը փոխադրուեցաւ Ակոսթինօ Ճեմելլի Համալսարանական բազմաբուժարան, ուր կէսօրէն ետքը ընդհանուր անզգայնացման տակ պիտի ենթարկուի որովայնահտաման եղանակով որովայնի պատի վերականգնողական վիրահատութեան»։

Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը Տիար Մաթթէօ Պրունին նշելով նաեւ, որ վիրահատական գործողութիւնը որոշուեցաւ անցեալ օրերուն Քահանայապետը խնամող բժիշկներու խումբին կողմէ եւ անհրաժեշտ դարձաւ ի տես նախկին վիրահատութեան հետեւանքով յառաջացած ճողուածքի պատճառաւ»։

Պրունին աւելցուց նաեւ` որ «Նորին Սրբութեան ապաքինումի ժամանակը բժշկական կառոյցէն ներս պիտի տեւէ մի քանի օր, թոյլ տալու համար յետ վիրահատական ​​բնականոն ընթացքը և լիարժէք գործնական վերականգնումը»։

Քահանայապետին համար այս պիտի ըլլայ երրորդ վիրահտական գործողութիւնը։ Ան երէկ առաւօտուն եւս կարճ ժամանակով` բժշկական որոշ քննութիւններու համար փոխադրուած էր Ճեմելլի հիւանդանոց ապա վերադարձ կատարած էր Վատիկան։

Յիշեցնենք որ անցեալ 29 Մարտին եւս Նորին Սրբութիւնը ստիպուած եղաւ բուժում ստանալ Կաթողիկէ վերոնշեալ բազմաբուժարանին մէջ վարակիչ ցնցղատապի պատճառաւ որ շնչառութեան տկարութիւն յառաջացուցած էր։ Իսկ առաջին անգամ վիրահատական գործողութեան ենթարկուեցաւ 2021 թուականին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/06/2023, 10:30