Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապը եւ Կարդինալ Պասսեթթին Ֆրանչիսկոս Պապը եւ Կարդինալ Պասսեթթին 

Ֆրանչիսկոս Պապը բացումը պիտի կատարէ Իտալիոյ եպիսկոպոսներու հաւաքին։

Յառաջիկայ երկուշաբթի 24 մայիսին Իտալիոյ եպիսկոպոսները Հռոմի մէջ պիտի գումարեն իրենց 74-րդ լիանիստ հաւաքը որ պիտի տեւէ մինչեւ 27 մայիս։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 24 Մայիսի կէսօրէն ետք ժամը 4-ին Հռոմի «Ergife Palace Hotel»ի մօտ նախատեսուած է Ֆրանչիսկոս Պապին միջամտութիւնը, բացումը կատարելու համար Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի ընդհանուր 74-րդ լիանիստ գումարին, որուն այս տարուայ նիւթն է «Հռչակել Աւետարանը վերածնունդի ժամանակաընթացքին – սկիզբ տալու համար սիւնհոդոսական ուղեւորութեան»։ Հաւաքը պիտի աւարտի 27 Մայիսին։

Նիստերու ընթացքին պիտի ընտրուին երկու փոխ նախագահներ, ապա Տնտեսական հարցերու Խորհուրդի անդամներ ու Եպիսկոպոսական յանձնաժողովներու նախագահներ։ 27 Մայիսին Կարդինալ Պասսեթթին` Եպիսկոպոսական համահաւաք դասին նախագահը մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պիտի ներկայացնէ հաւաքին եզրափակիչ հաղորդագրութիւնը ։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/05/2021, 08:42