Կարդինալներն ու եպիսկոպոսարանը Վատիկանի մէջ պիտի դատուին բոլորի նման։
Վատիկան Նիուզ
Այսօրուընէ ետք բոլոր Կարդինալներն ու եպիսկոպոսները որոնք վատիկանի դատախազներու կողմէ մեղադրուին քրէական հարցերով, պիտի դատուին Վատիկանի Պետութեան դատարանի կողմէ, նման բոլորին եւ ոչ թէ ինչպէս մինչեւ օրս կը պատահէր Կարդինալի նախագահութեամբ յատուկ մէկ բարձրագոյն ատեանի մը կողմէ։ Այս է նորութիւնը զոր ներմուծեց Ֆրանչիսկոս Պապը 20 մարտ թուակիր եւ 30 ապրիլին հրատարակած իր ինքնագիր նամակովը։ Անփոփոխ կը մնայ սակայն Քահանայապետին կողմէ արտօնութիւն շնորհելը` կարդինալը կամ եպիսկոպոսը դատարան կոչելու համար։
Նորին Սրբութիւնը այս որոշումը կը կայացնէ հիմք ունենալով Եկեղեցւոյ անդամներուն միջեւ բոլորին հաւասարութիւնը եւ մէջբերելով անցեալ 27 մարտին Վատիկանեան դատական տարւոյն բացման առթիւ իր արտասանած ճառէն այդ ուղղութեամբ խօսքեր։