Վատիկանի դատարանը Վատիկանի դատարանը 

Կարդինալներն ու եպիսկոպոսարանը Վատիկանի մէջ պիտի դատուին բոլորի նման։

Ֆրանչիսկոս Պապի նոր ինքնագիր նամակ կը կը փոխէ Վատիկանի դատական համակարգը կարդինալներուն ու եպիսկոպոսներուն դատը եւս հաւասարեցնելով բոլորին, ի զօրու պահելով սակայն զանոնք դատելու համար Քահանայապետին արտօնութիւնը։

Վատիկան Նիուզ

Այսօրուընէ ետք բոլոր Կարդինալներն ու եպիսկոպոսները որոնք վատիկանի դատախազներու կողմէ մեղադրուին քրէական հարցերով, պիտի դատուին Վատիկանի Պետութեան դատարանի կողմէ, նման բոլորին եւ ոչ թէ ինչպէս մինչեւ օրս կը պատահէր Կարդինալի նախագահութեամբ յատուկ մէկ բարձրագոյն ատեանի մը կողմէ։ Այս է նորութիւնը զոր ներմուծեց Ֆրանչիսկոս Պապը 20 մարտ թուակիր եւ 30 ապրիլին հրատարակած իր ինքնագիր նամակովը։ Անփոփոխ կը մնայ սակայն Քահանայապետին կողմէ արտօնութիւն շնորհելը` կարդինալը կամ եպիսկոպոսը դատարան կոչելու համար։

Նորին Սրբութիւնը այս որոշումը կը կայացնէ հիմք ունենալով Եկեղեցւոյ անդամներուն միջեւ բոլորին հաւասարութիւնը եւ մէջբերելով անցեալ 27 մարտին Վատիկանեան դատական տարւոյն բացման առթիւ իր արտասանած ճառէն այդ ուղղութեամբ խօսքեր։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/04/2021, 14:00