Վատիկան Նիուզ
«Ֆոքոլարինի» շարժումի աղբիւրներ կը տեղեկացնեն որ հինգշաբթի մէկ ապրիլ 2021-ի յետմիջօրէի ժամը 17.30-ին Ֆրանչիսկոս Պապը այցելութիւն տուաւ Կարդինալ Պեչչուին ու անոր հետ միասին բնակարանի մատրան մէջ մատոյց Աւագ Հինգշաբթի օրուան սուրբ պատարագը։ Լուրը կը հաստատեն նաեւ Կարդինալ Պեչչուի մօտիկ աղբիւրներ նշելով որ այցելութիւնը ունէր ոչ պաշտօնական հանգամանք։