Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Կարդինալ Պեչչու (Արխիւ) Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Կարդինալ Պեչչու (Արխիւ) 

Քահանայապետը այցելութիւն տուաւ Կարդինալ Պեչչուին անոր հետ մատուցելով Աւագ Հինգշաբթի օրուայ պատարագը։

Լուրը կը հաստատեն Կարդինալ Պեչչուի մօտիկ աղբիւրներ նշելով որ այցելութիւնը ունէր ոչ պաշտօնական հանգամանք։

Վատիկան Նիուզ

«Ֆոքոլարինի» շարժումի աղբիւրներ կը տեղեկացնեն որ հինգշաբթի մէկ ապրիլ 2021-ի յետմիջօրէի ժամը 17.30-ին Ֆրանչիսկոս Պապը այցելութիւն տուաւ Կարդինալ Պեչչուին ու անոր հետ միասին բնակարանի մատրան մէջ մատոյց Աւագ Հինգշաբթի օրուան սուրբ պատարագը։ Լուրը կը հաստատեն նաեւ Կարդինալ Պեչչուի մօտիկ աղբիւրներ նշելով որ այցելութիւնը ունէր ոչ պաշտօնական հանգամանք։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/04/2021, 08:23