Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Pro Recco ջրագնդակի խումբի մարզիկները։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 22 ապրիլին, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց Pro Recco ջրագնդակի խումբի մարզիկները։
Այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ, Սրբազան հայրը նշեց, որ ջրագնդակի խաղը դիւրին խաղ չէ, ան կարիքը ունի զօրաւոր կարգապահութեան։
Անդրադառնալով մարզանքի երկու կարեւոր կէտերուն, ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ առաջին կէտը կը կայանայ խմբային աշխատանքին վրայ նկատել տալով, որ մարզանքի մէջ մարզիկի մը ամենէն մեծ տկար կէտը առանցին խաղալն է, որ պարտութեան կը մատնէ ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծելով խմբային խաղի կարեւորութիւնը։
Երկրորդ կէտը, երբեք չկորսնցնել սիրողական արժէքը, այն փոքրիկ սէրը, որ միշտ պէտք է ներկայ ըլլայ մարզանքին մէջ։
Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը աւարտեց մաղթելով քաջութիւն, հայցելով Տիրոջ օրհնութիւնը մարզիկներու վրայ։