Ֆրանչիսկոս Պապ ու Pro Recco խումբի մարզիկները Ֆրանչիսկոս Պապ ու Pro Recco խումբի մարզիկները 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Pro Recco ջրագնդակի խումբի մարզիկները։

Ջրագնդակի խաղը դիւրին խաղ չէ, կարիքը ունի զօրաւոր կարգապահութեան։ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 22 ապրիլին, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց Pro Recco ջրագնդակի խումբի մարզիկները։

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ, Սրբազան հայրը նշեց, որ ջրագնդակի խաղը դիւրին խաղ չէ, ան կարիքը ունի զօրաւոր կարգապահութեան։

Անդրադառնալով մարզանքի երկու կարեւոր կէտերուն, ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ առաջին կէտը կը կայանայ խմբային աշխատանքին վրայ նկատել տալով, որ մարզանքի մէջ մարզիկի մը ամենէն մեծ տկար կէտը առանցին խաղալն է, որ պարտութեան կը մատնէ ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծելով խմբային խաղի կարեւորութիւնը։

Երկրորդ կէտը, երբեք չկորսնցնել սիրողական արժէքը, այն փոքրիկ սէրը, որ միշտ պէտք է ներկայ ըլլայ մարզանքին մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը աւարտեց մաղթելով քաջութիւն, հայցելով Տիրոջ օրհնութիւնը մարզիկներու վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/04/2021, 14:34