Որոնել

Քրիստոնէութեան յաղթական նշանը։ Քրիստոնէութեան յաղթական նշանը։  

«Քրիստոս ներկայ է աղքատ, բացառուած, հիւանդ եւ անօթի անձին մէջ». ֆրանչիսկոս Պապ

Այսօր սկիզբ կ՛առնէ քրիստոնէութեան համար կարեւորագոյն նշանակութիւն ունեցող` Սուրբ Յարութեան տօնին նախապատրաստական շաբաթը` Աւագ շաբաթը։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

«Եկեղեցին այս օրերուն մուտք կը գործէ Տիրոջ չարչարանքներուն մեծ խորհրդածութեան մէջ։ Տառապեալ Քրիստոսը ներկայ է աղքատ, բացառուած, հիւանդ եւ անօթի անձին մէջ, որ Անոր հետ կը կրէ Խաչին խորհուրդը #ԱւագՇաբաթ»։

Այս է երկուշաբթի 29 Մարտ 2021-ին Քահանայապետական թուիթըրեան կայքին վրայ հրապարակուած գրառումը, որով սկիզբ կ՛առնէ քրիստոնէութեան համար կարեւորագոյն նշանակութիւն ունեցող` Սուրբ Յարութեան տօնին նախապատրաստական շաբաթը` Աւագ շաբաթը։

Վերոնշեալ խօսքերը քաղուած են Քահանայապետին Ծաղկազարդի տօնին առթիւ արտասանած քարոզէն, ուր Ան բոլոր քրիստոնեաները հրաւիրեց հետեւելու Քրիստոսի Ճանապարհին` նուաստացումի, խոնարհութեան ու խաչի ճանապարհին, ճանապարհ ` որ կը տանի դէպի փառք, դէպի նոր կեանք դէպի Յարութիւնը որ կ՛անցնի Խաչափայտէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/03/2021, 13:30