«Քրիստոս ներկայ է աղքատ, բացառուած, հիւանդ եւ անօթի անձին մէջ». ֆրանչիսկոս Պապ
Վատիկան Նիուզ
«Եկեղեցին այս օրերուն մուտք կը գործէ Տիրոջ չարչարանքներուն մեծ խորհրդածութեան մէջ։ Տառապեալ Քրիստոսը ներկայ է աղքատ, բացառուած, հիւանդ եւ անօթի անձին մէջ, որ Անոր հետ կը կրէ Խաչին խորհուրդը #ԱւագՇաբաթ»։
Այս է երկուշաբթի 29 Մարտ 2021-ին Քահանայապետական թուիթըրեան կայքին վրայ հրապարակուած գրառումը, որով սկիզբ կ՛առնէ քրիստոնէութեան համար կարեւորագոյն նշանակութիւն ունեցող` Սուրբ Յարութեան տօնին նախապատրաստական շաբաթը` Աւագ շաբաթը։
Վերոնշեալ խօսքերը քաղուած են Քահանայապետին Ծաղկազարդի տօնին առթիւ արտասանած քարոզէն, ուր Ան բոլոր քրիստոնեաները հրաւիրեց հետեւելու Քրիստոսի Ճանապարհին` նուաստացումի, խոնարհութեան ու խաչի ճանապարհին, ճանապարհ ` որ կը տանի դէպի փառք, դէպի նոր կեանք դէպի Յարութիւնը որ կ՛անցնի Խաչափայտէն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ