Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց կարդինալ Մարչելօ Սեմերարոն, սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչը։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 17 մարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ընդունեց սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոն որուն արտօնութիւն տուաւ հրապարակելու սուրբերու դատի ժողովին հայող հետեւեալ հրամանագիրերը։
- Աստուծոյ ծառայ Մերքուրիօ Մարիա Թերեզի։ Ան ծնած է 10 հոկտեմբեր 1742ին, մահագած է Իտալիոյ մէջ 1805ին։ Եղած է Մոնրէալ թեմի արքեպիսկոպոսը։
- Աստուծոյ ծառայ Քոսմա Մունոզ Փերեզ ։ Ան ծնած է 1573 թուականին Սպանիոյ մէջ, վախճանած է 3 դեկտեմբեր 1636ին։
- Աստուծոյ ծառայ Սալվաթորէ Վալերա Փառա, ան եղած է քահանայ։ Ծնած է Սպանիոյ մէջ 1816ին եւ վախճանած է 1889ին։
- Աստուոյ ծառայ Լեոնէ Վեութեյ։ Ան եղած է անդամ Փոքրիկ մանուկներու միաբանութեան։ Ծնած է Իտալիա 1896ին, վախճանած է 1974ին։
- Աստուծոյ. Աղախին Անելիվրայ Օսոլի։ Ան եղած կրօնաւորուհին աղքատ քոյրերու միաբանութեան։ Ծնած է Իտալիա 1936ին եւ վախճանած Քոնկոյի մէջ 23 մայիս 1995ին։-
- Աստուծոյ աղախին Տանիէլա Սորթի։ Ան ծնած Է Իտալիա 1947ին, եւ մահացած է Քոնկոյին մէջ 1995ին ։ Եղած է կրօնաւորուհին Փոքրիկ քոյրեր միաբանութեան
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ