Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց կարդինալ Մարչելօ Սեմերարոն, սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչը։

Նորին Սրբութիւնը արտօնութիւն շնորհեց հրապարակելու սուրբերու դատի ժողովի Աստուծոյ ծառաներու ու աղախիններու հրամանագիրերը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 17 մարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ընդունեց սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոն որուն արտօնութիւն տուաւ հրապարակելու սուրբերու դատի ժողովին հայող հետեւեալ հրամանագիրերը։

Ունկնդրէ լուրը

- Աստուծոյ ծառայ Մերքուրիօ Մարիա Թերեզի։ Ան ծնած է 10 հոկտեմբեր 1742ին, մահագած է Իտալիոյ մէջ 1805ին։ Եղած է Մոնրէալ թեմի արքեպիսկոպոսը։

- Աստուծոյ ծառայ Քոսմա Մունոզ Փերեզ ։ Ան ծնած է 1573 թուականին Սպանիոյ մէջ, վախճանած է 3 դեկտեմբեր 1636ին։ 

- Աստուծոյ ծառայ Սալվաթորէ Վալերա Փառա, ան եղած է քահանայ։ Ծնած է Սպանիոյ մէջ 1816ին եւ վախճանած է 1889ին։

- Աստուոյ ծառայ Լեոնէ Վեութեյ։ Ան եղած է անդամ Փոքրիկ մանուկներու միաբանութեան։ Ծնած է Իտալիա 1896ին, վախճանած է 1974ին։

- Աստուծոյ. Աղախին Անելիվրայ Օսոլի։ Ան եղած կրօնաւորուհին աղքատ քոյրերու միաբանութեան։ Ծնած է Իտալիա 1936ին եւ վախճանած Քոնկոյի մէջ 23 մայիս 1995ին։- 

- Աստուծոյ աղախին Տանիէլա Սորթի։ Ան ծնած Է Իտալիա 1947ին, եւ մահացած է Քոնկոյին մէջ 1995ին ։ Եղած է կրօնաւորուհին Փոքրիկ քոյրեր միաբանութեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/03/2021, 12:24