Որոնել

Իրաքի քրիստոնեաներ Իրաքի քրիստոնեաներ 

Ֆրանչիսկոս Պապին Իրաք առաքելական այցելութեան յայտագիրը։

Քահանայապետը կայցելէ Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատ, Ուր հարթավայր, ինչպէս նաեւ Էրպիլ, Մոսուլ եւ Քարաքոշ քաղաքները:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հրապարակուեցաւ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 5-էն մինչեւ 8 մարտ, Իրաք կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը, որուն մէջ  նշուած է, թէ ուրբաթ, 5 մարտին, առաւօտեան, Հռոմի «ֆիւմիչինօ» միջազգային օդակայանէն թռիչքով Ֆրանչիսկոս Պապ կը փոխադրուի Պաղտատի միջազգային օդակայան։

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ 5 Մարտին՝ Ժամանում Պաղտատ

Յետմիջօրէին, Պաղտատ ժամանումին, Ֆրանչիսկոս Պապին ի պատիւ պաշտօնական ընդունելութենէն ետք, օդակայանի դահլիճներուն մէկուն մէջ  տեղի կ՝ունենայ Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Իրաքի վարչապետի միջեւ հանդիպում, որմէ անմիջապէս ետք, ֆրանչիսկոս Պապ կը փոխադրուի նախագահական պալատ, ուր քաղաքավարութեան այցելութիւն կու տայ Իրաքի հանրապետութեան նախագահին, որուն աւարտին, Սրբազան հայրը հանդիպում կ՝ունենայ Իրաքի քաղաքացիական իշխանութեան ու դիւանագիտական մարմնի անդամներու հետ։

Իրաքի նախագահի եւ քաղաքացիական իշխանութեան անդամներու հետ հանդիպումէն ետք ֆրանչիսկոս Պապ կ՝այցելէ Պաղտատի մէջ գտնուող Կաթողիկէ Ասորիներուն  Փրկութեան Մայր տաճար, ուր հանդիպում կ՝ունենայ, Եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, կրօնաւորներուն, նորընծաներուն եւ կրօնուսոյցներուն հետ։

Շաբաթ, 6 Մարտ, Հանդիպում Այաթոլլա Սայինտ Ալի Ալ Հուսայիմի Ալ Սիսթանի հետ ու միջկրօնական հանդիպում

Շաբաթ, 6 մարտին, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապ օդանաւով կը փոխադրուի Նաժաֆ քաղաք, ուր քաղաքավարական այցելութիւն կը շնորհէ աւագ Այաթոլլա Սայինտ Ալի Ալ Հուսայիմի Ալ Սիսթանի, որմէ ետք Նորին Սրբութիւնը կը փոխադրուի Նասիրիյա քաղաք, Ուր հարթավայր, ուր  կը մասնակցի միջ կրօնական հանդիուպմին,  որմէ ետք յետմիջօրէին, կը փոխադրուի Պաղտատի Քաղդէացիներուն Սուրբ Յովսէփ անուան տաճար, ուր կը մատուցէ սուրբ Պատարագ։

Կիրակի, 7 Մարտ, Էրպիլ, Մոսուլ եւ Քարաքոշ  այցելութիւն

Կիրակի 7 մարտին, ֆրանչիսկոս Պապ թռիչքով կը փոխադրուի Էրպիլ քաղաք, որուն միջազգային օդակայանէն ներս կը դիմաւորուի Իրաքի Քուրտիստանի ինքավար մարզի քաղաքացիական եւ կրօնաւորական իշխանութեան կողմէ, որմէ ետք ինքնաթիռով ֆրանչիսկոս Պապ կը փոխադրուի Մոսուլ քաղաք, ուր «Եկեղեցւոյ հրապարակ»ին վրայ կը մասնակցի պատերազմի զոհերու յիշատակի աղօթքին։

Աղօթքի աւարտին Սրբազան Հայրը կը փոխադրուի Քարաքոշ քաղաք ուր  կ՝այցելէ Անարատ Յղութիւն անուան եկեղեցի, հանդիպելով եկեղեցւոյ հասարակութեան հետ։ Այս առթիւ ֆրանչիսկոս Պապ կ՝արտասանէ ու  կը ներկայացնէ կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։

Հանդիպումի աւարտին, յետմիջօրէին ֆրանչիսկոս Պապ կը փոխադրուի Էրպիլ քաղաք, ուր Սուրբ Պատարագ կը մատուցէ «Ֆրանսօ Հարիրի» մարզադաշին վրայ։ Պատարագի աւարտին Սրբազան Հայրդը թռիչքով կը փոխադրուի Պաղտատ։

Երկուշաբթի, 8 Մարտ վերադարձ Հռոմ

Երկուշաբթի, 8 մարտին, առաւօտեան ֆրանչիսկոս Պապ Պաղտատի միջազգային օդակայանէն թռիչքով կը փոխադրուի Հռոմի Չիամփինօ միջազգային օդակայան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/02/2021, 12:40