Որոնել

«Բոլորդ եղբայրներ էք» «Բոլորդ եղբայրներ էք» 

«Բոլորդ եղբայրներ էք» հրապարակուած է Քահանայապետի Իրաք ճամբորդութեան նշանաբանը։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին՝ յառաջիկայ 5 – 8 մարտ Իրաք կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան կարգախօսe սերտ կապ ունի Քահանայապետին «Fratelli Tutti» վերջին շրջաբերականին հետ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մատթէոս Աւետարանիչէն քաղուած «Դուք բոլորդ եղբայրներ էք» (Մատթ. 23,8) խօսքը ընտրուեցաւ, որպէս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին՝ յառաջիկայ 5 – 8 մարտ Իրաք կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան կարգախօս, որ սերտ կապ ունի նաեւ Քահանայապետին  «Fratelli Tutti» վերջին շրջաբերականին հետ։

 

Նշնանաբանը

Նշանաբանը ապա կը պարունակէ Ֆրանչիսկոս Պապին նկարը, որուն մօտ Իրաքին քարտէսը, տիգրիս եւ եփրատ գէտերով, որոնց հետ միասին կայ նաեւ արմաւի ծառ մը եւ սպիտակ աղաւնի մը, որ կը թռչի Վատիկանի եւ Իրաքի հանրապետութեան դրօշներու վրայէն, կտուցին մէջ կռելով ձիթենիի ճիւղ մը, խաղաղութեան խորհրդանիշը։

Մէկ ամիս առաջ Կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքոն քրիստոնեաներուն ու համայն իրաքցիներուն ուղղած իր մէկ պատգամին մէջ, նշած էր՝ թէ Քահանայապետին այա այցը Իրաքի ու համայն Միջին Արեւելքի մկրտեալներուն համար նախախնամական առիթ էր դարձի ուխտագնացութիւն մը կատարելու համար ու վերադառնալու ակնաղբիւրին, աւելի մեծ եռանդով հռչակելու համար Աւետարանի մէջ խոստացուած փրկութիւնը ի նպաստ բոլորին։  

«Ասոր համար, բոլորս կանչուած ենք հսկելու, որպէսզի այս իրադարձութիւնը չ՛անցնի առանց, որ հետքեր թողու մեր եկեղեցիներուն ու մեր երկրին մէջ» գրած էր Քաղդէացիներու Պատրիարքը։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/01/2021, 15:43