Վատիկան Նիուզ
Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալներու մասնակցութեամբ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան վերջին աղօթքը տեղի ունեցած էր անցեալ 20 դեկտեմբերին։ Այդ թուականէն ետք՝ քորոնավիրուսի պատճառած առողջապահական ճգնաժամին հետեւանքով, Իտալիոյ Կառավարութիւնը երկրին մէջ հաստատած էր ընդհանուր փակման դրոյթ, որուն հետեւանքով Մարեմեան Աղօթքները կատարուեցան «ուղիղ եթերով», Առաքելական Պալատի մատենադարանէն։
Եկող Կիրակի՝ 7 փետրուարէն սկսեալ Քահանայապետը Մարեմեան Աղօթքները դարձեալ պիտի նախագահէ իր գրասենեակի պատուհանէն հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։