Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Կիրակի օրուայ Քահանայապետական Մարեմեան Աղօթքը հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։

Ընդհանուր փակման որոշ ժամանակաշրջանէ մը ետք յառաջիկայ կիրակի 7 Փետրուարին Ֆրանչիսկոս Պապը Մարեմեան աղօթքը պիտի նախագահէ իր գրասենեակի պատուհանէն։

Վատիկան Նիուզ

Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալներու մասնակցութեամբ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան վերջին աղօթքը տեղի ունեցած էր  անցեալ 20 դեկտեմբերին։ Այդ թուականէն ետք՝ քորոնավիրուսի պատճառած առողջապահական  ճգնաժամին հետեւանքով, Իտալիոյ Կառավարութիւնը երկրին մէջ հաստատած էր ընդհանուր փակման դրոյթ, որուն հետեւանքով Մարեմեան Աղօթքները կատարուեցան «ուղիղ եթերով», Առաքելական Պալատի մատենադարանէն։

 Եկող Կիրակի՝ 7 փետրուարէն  սկսեալ Քահանայապետը Մարեմեան Աղօթքները դարձեալ պիտի նախագահէ իր գրասենեակի պատուհանէն հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/02/2021, 09:21