Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Դեկտեմբեր 10-ին ամբողջ աշխարհը կը նշէ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան օրը, որ կը յիշատակէ 1948-ի դեկտեմբերի 10-ին, Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան կողմէ Փարիզի մէջ վաւերացուած` «Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրը», Փաստաթուղթ մը, որուն մէջ առաջին անգամուան համար ամրագրուեցան մարդու և անհատի հիմնական իրաւունքները:
Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրը կը ներառէ քաղաքական, քաղաքացիական, ընկերային, մշակութային եւ տնտեսական իրաւունքներու լայն շրջանակ: Ան արձանագրուած է Կիննեսի ցուցանիշներու գիրքին մէջ, իբրեւ աւելի քան 380 լեզուներով եւ բարբառներով թարգմանուած փաստաթուղթ, ուր կը խօսուի անոր համընդհանուր բնոյթի եւ տարածման ծաւալներու մասին:
Մարդու Իրաւունքներու միջազգային օրուան առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ հաստատեց
«Իւրաքանչիւրս կոչուած է խիզախօրէն և վճռականօրեն նպաստելու իւրաքանչիւր մարդու, յատկապէս «անտեսանելի» մարդու հիմնարար իրաւունքներուն յարգանքին. Անոնցմէ շատերուն՝ որոնք սոված և ծարաւ են, որոնք մերկ են, հիւանդներ, օտարականներ կամ բանտարկեալներ: (Մատթ. 25,35-36)»։