Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան օր Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան օր 

«Մեզմէ ամէն մին կոչուած է խիզախօրէն նպաստելու իւրաքանչիւր մարդու հիմնարար իրաւունքներուն յարգանքին». Ֆրանչիսկոս Պապ։

Կոչուած նպաստելու յատկապէս «անտեսանելի» մարդու հիմնարար իրաւունքներուն յարգանքին։.
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Դեկտեմբեր 10-ին ամբողջ աշխարհը կը նշէ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան օրը, որ կը յիշատակէ 1948-ի դեկտեմբերի 10-ին, Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան կողմէ Փարիզի մէջ վաւերացուած` «Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրը», Փաստաթուղթ մը, որուն մէջ առաջին անգամուան համար  ամրագրուեցան մարդու և անհատի հիմնական իրաւունքները: 

Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրը կը ներառէ քաղաքական, քաղաքացիական, ընկերային, մշակութային եւ տնտեսական իրաւունքներու լայն շրջանակ: Ան արձանագրուած է Կիննեսի ցուցանիշներու գիրքին մէջ, իբրեւ աւելի քան 380 լեզուներով եւ բարբառներով թարգմանուած փաստաթուղթ, ուր կը խօսուի անոր համընդհանուր բնոյթի եւ տարածման ծաւալներու մասին:

Մարդու Իրաւունքներու միջազգային օրուան առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ հաստատեց

«Իւրաքանչիւրս  կոչուած է խիզախօրէն և վճռականօրեն նպաստելու իւրաքանչիւր մարդու, յատկապէս «անտեսանելի» մարդու հիմնարար իրաւունքներուն յարգանքին. Անոնցմէ շատերուն՝ որոնք սոված և ծարաւ են, որոնք մերկ են, հիւանդներ, օտարականներ կամ բանտարկեալներ: (Մատթ. 25,35-36)»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/12/2020, 11:30