Վատիկան Նիուզ
Հինգշաբթի 10 դեկտեմբեր 2020-ին Քահանայապետաան ծիսակատարութեան գրասենեակը հրապարակեց Սուրբ Ծննդեան Տօներուն առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին գլխաւորելիք ծիսական արարողութիւններու օրակարգը։
Հինգշաբթի Դեկտեմբեր 24-ի գիշերը, ժամը 7.30-ին Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ կը մատուցէ Ծննդեան ճրագալոյցի պատարագը։ Սուրբ Զոհէն առաջ նախատեսուած է «Kalenda»ի շարականի երգը, որով կը հռչակուի մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի ծիսական Ծնունդը։
Յաջորդ օր՝ դեկտեմբեր 25ին, տօնն է մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան։ Սրբազան Հայրը, կէսօրին իր ծննդեան պատգամն ու «Ուրպի Էթ Օրպի» առաքելական օրհնութիւնը կը շնորհէ Հռոմ քաղաքի ու երկրագունդի բոլոր բնակիչներուն։
2020-ի Դեկտեմբեր 31ին, Ամենասուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ տօնին օրը, երեկոյեան ժամը 5-ին, Նորին Սրբութիւնը, Ս. Պետրոս տաճարին մէջ կը գլխաւորէ գոհաբանական երեկոյեան ժամասացութիւնը, որուն կը յաջորդէ Ամենասուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան արարողութիւնը ու քաղաքացիական տարւոյն աւարտին առթիւ Գոհաբանական աղօթք եւ Սուրբ Հաղորդութեան Օրհնութիւնը։ ։
Ուրբաթ 1 Յունուարին 2021ին՝ նոր տարի է։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ կը գլխաւորէ Սուրբ Կոյս Մարիամ Մայր Աստուծոյ ու խաղաղութեան համաշխարհային օրուան նուիրուած սուրբ պատարագը։
6 Յունուար 2021-ին, տօնն է Աստուածայայտնութեան, Ֆրանչիկսկոս Սրբազան Քահանայապետը հանդիսաւոր սուրբ պատարագ կը մատուցանէ Ս. Պետրոսի տաճարին մէջ, ապա Կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն կ՛արտասանէ Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը։