Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին Ծննդեան տօներու առթիւ գլխաւորած արարողութիւնները։

Այս տարի համաճարկի պատճառաւ Սուրբ Ծննդեան պատարագը կը կայանայ 19.30-ին։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Հինգշաբթի 10 դեկտեմբեր 2020-ին Քահանայապետաան ծիսակատարութեան գրասենեակը հրապարակեց Սուրբ Ծննդեան Տօներուն առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին գլխաւորելիք ծիսական արարողութիւններու օրակարգը։

Հինգշաբթի Դեկտեմբեր 24-ի գիշերը, ժամը 7.30-ին Սրբազան  Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ կը մատուցէ Ծննդեան ճրագալոյցի պատարագը։ Սուրբ Զոհէն առաջ նախատեսուած է «Kalenda»ի շարականի երգը, որով կը հռչակուի մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի ծիսական Ծնունդը։

Յաջորդ օր՝ դեկտեմբեր 25ին, տօնն է մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան։ Սրբազան Հայրը, կէսօրին իր ծննդեան պատգամն ու «Ուրպի Էթ Օրպի»  առաքելական օրհնութիւնը կը շնորհէ  Հռոմ քաղաքի ու երկրագունդի բոլոր բնակիչներուն։ 

2020-ի Դեկտեմբեր 31ին, Ամենասուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ տօնին օրը, երեկոյեան ժամը 5-ին, Նորին Սրբութիւնը, Ս. Պետրոս տաճարին մէջ կը գլխաւորէ գոհաբանական երեկոյեան ժամասացութիւնը, որուն կը յաջորդէ Ամենասուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան արարողութիւնը ու քաղաքացիական տարւոյն աւարտին առթիւ Գոհաբանական աղօթք եւ Սուրբ Հաղորդութեան Օրհնութիւնը։ ։

Ուրբաթ 1 Յունուարին 2021ին՝  նոր տարի է։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ կը գլխաւորէ Սուրբ Կոյս Մարիամ Մայր Աստուծոյ ու խաղաղութեան համաշխարհային օրուան  նուիրուած սուրբ պատարագը։ 

6 Յունուար 2021-ին, տօնն է Աստուածայայտնութեան, Ֆրանչիկսկոս Սրբազան Քահանայապետը հանդիսաւոր սուրբ պատարագ կը  մատուցանէ Ս. Պետրոսի տաճարին մէջ, ապա Կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն կ՛արտասանէ Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/12/2020, 19:06