Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին 26 հոկտեմբերի թուիթը։
Ֆրանչիսկոս Պապին այսօրուան թուիթին պարունակութիւնը քաղուած է «Frattelli Tutti» շրջաբերականէն
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երկուշաբթի, 26 հոկտեմբերին, Ֆրանչիկոս Սրբազան Քահանայապետի թուիթըրեան կայքին վրայ հրապարակուեցաւ նոր թուիթ մը, որուն պարունակութիւնը քաղուած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին «Fratelli Tutti» վերջին շրջաբերական թուղթէն։ Շեշտելով, որ բոլորս եղբայրներ ենք Սրբազան հայրը անհրաժեշտ նկատած է ,որ ազնուութիւնը եւս իր կարեւոր դերը ունի մարդոց յարաբերութեան մէջ։
«Ազնուութիւնը, ազատութիւն է դաժանութենէն, որ երբեմն կը թափանցէ մարդկային յարաբերութիւնները, ազատութիւն է անձկութենէն, որ մեզի թոյլ չտար մտածելու ուրիշներուն մասին, ազատութիւն է ցրուած շտապութենէն, որ կ՝անտեսէ այն իրողութիւնը, թէ ուրիշները եւս իրաւունք ունին երջանիկ ըլլալու »։ Նշած է Սրբազան Հայրը այսօրուան թուիթին մէջ։
26/10/2020, 13:30