Բոլորս եղբայներ ենք։ Բոլորս եղբայներ ենք։ 

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին 26 հոկտեմբերի թուիթը։

Ֆրանչիսկոս Պապին այսօրուան թուիթին պարունակութիւնը քաղուած է «Frattelli Tutti» շրջաբերականէն

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 26 հոկտեմբերին, Ֆրանչիկոս Սրբազան Քահանայապետի թուիթըրեան կայքին վրայ հրապարակուեցաւ նոր թուիթ մը, որուն պարունակութիւնը քաղուած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին «Fratelli Tutti» վերջին շրջաբերական թուղթէն։  Շեշտելով, որ բոլորս եղբայրներ ենք Սրբազան հայրը անհրաժեշտ նկատած է ,որ ազնուութիւնը եւս իր կարեւոր դերը ունի մարդոց յարաբերութեան մէջ։

Ունկնդրէ լուրը

«Ազնուութիւնը,  ազատութիւն է դաժանութենէն, որ երբեմն կը թափանցէ մարդկային յարաբերութիւնները, ազատութիւն է անձկութենէն, որ մեզի թոյլ չտար մտածելու ուրիշներուն մասին, ազատութիւն է  ցրուած շտապութենէն, որ կ՝անտեսէ այն իրողութիւնը, թէ ուրիշները եւս իրաւունք ունին երջանիկ ըլլալու »։  Նշած է Սրբազան Հայրը այսօրուան թուիթին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/10/2020, 13:30