«Յանձնառու ըլլանք մարդկութիւնը ազատելու հիւլէական զէնքերէն». Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Այսօր՝ շաբաթ 26 սեպտեմբերին կը յիշատակուի ՄԱԿ-ի կողմէ 2013-ին հաստատուած «Միջուկային զէնքի ամբողջական վերացման միջազգային օրը»։
Այս Օրուայ գլխաւոր նպատակն է համաշխարհային հասարակութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել միջուկային զինաթափման ու միջուկային զէնքի վերացման առաւելութիւններու վրայ։
Աշխարհի բոլոր երկիրներու մէջ միջուկային զէնքի ամբողջական վերացումը ՄԱԿ-ի գործունէութեան հիմնական ու ամենահին նպատակներէն մին է:
«Միջուկային զէնքի ամբողջական վերացման միջազգային օրուան առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Քահանայապետական @pontifex թուիթըեան կայքի վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը
Վերոնշեալ խօսքերը քաղուած են 10 նոյեմբեր 2017-ին Քահանայապետին արտասանած մէկ ճառէն, ուղղուած «Հեռանկարներ հիւլէական զէնքերէ ազատ աշխարհի մը համար եւ համապարփակ զինաթափման համար» գիտաժողովի մասնակիցներուն։
Քահանայապետը Հիւլէական զէնքերու ամբողջական վերացման մասին արտայայտուեցաւ նաեւ երէկ 25 սեպտեմբերին ՄԱԿ-ին ուղղած իր լսատեսողական պատգամին մէջ։
«Պէտք է քանդենք այլասեռ այն տրամաբանութիւնները, որոնք ընկերային եւ անձնական անվտանգութիւնը կը վերագրեն զէնքի սեփականութեան։
Այսպիսի տրամաբանութիւններ կը ծառայեն միայն պատերազմական արդիւնաբերութեան շահոյթի աւելացումին ՝ մարդոց և ժողովուրդներու մէջ անվստահութիւն և վախի մթնոլորտ բորբոքելով։
Հետեւաբար կարեւոր է աջակցիլ միջուկային զինաթափումի տարածման արգելքի ի նպաստ միջազգային իրաւական գործիքներուն։ Սուրբ Աթոռը կը մաղթէ որ վերջ տրուի հիւլէական զէնքերու սպառազինութեան մրցավազքին եւ արդիւնաւէտ քայլեր առնուին միջուկային զինաթափումի ուղղութեամբ»։