Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ. ՄԱԿ-ը թող ըլլայ ազգերու միջեւ միութեան իսկական նշան։ Տագնապը առիթ է փոխելու մեր ընթացքը։

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը ՄԱԿ-ի 75րդ ամեակին առթիւ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 25 սեպտեմբեր 2020-ին ՄԱԿ-ի 75 ամեակի առթիւ նախատեսուած առցանց ելոյթներու շարքին՝  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հանդէս եկաւ լսատեսողական յատուկ պատգամով մը, որուն  մէջ շեշտը դրաւ աշխարհն ու մարդկութիւնը  յուզող տարբեր ու զանազան հարցերու վրայ, ինչպէս Քովիտ19 համաճարակն ու անոր հետեւանքները, հանրային առողջապահութիւնը խթանելու անհրաժեշտութիւնը, աղքատներու նկատմամբ ուշադրութիւնը, բնապահպանական տագնապը, գաղթականութեան երեւոյթն ու անոր առնչուած հարցերը, ընտանիքի եւ ընկերութիւններուն ապրած ճգնաժամը, տնտեսական համակարգի անհաւասարութիւնը, աղքատ երկիրներու պարտքը, Ամազոնեան տարածաշրջանի իրավիճակը, մանուկներու եւ կիներու իրաւունքը, հիւլէական զէնքի սպառնալիքը, եւ ի վերջոյ ՄԱԿ-ի առաքելութիւնը։

«Սուրբ աթոռին փափաքն է որ ՄԱԿ-ը ըլլայ Պետութիւններու միջեւ միութեան իսկական գործիք եւ նշան ու ծառայութիւն՝ համայն մարդկային ընտանիքին համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ՄԱԿ-ի 75 ամեակի առթիւ յղած լսատեսողական պատգամին սկիզբը, ողջունելէ ետք հաւաքին մասնակցող անդամներն ու ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը։  

Քովիտ19 համաճարակը դարձի հնարաւորութիւն։

Սրբազան Պապը հուսկ անմիջապէս ակնարկեց աշխարհն ու մարդկութիւնը յուզող ճգնաժամին՝ Քովիտ19 համաճարակը, որ, ըսաւ Ան, պատճառ եղաւ բազմաթիւ կեանքերու կորուստին։

«Այս տագնապը կը յեղաշրջէ մեր կեանքի ոճը, հարցականի տակ դնելով   մեր տնտեսական, առողջապահական և ընկերային համակարգերը և բացայայտելով մեր դիւրաբեկութիւնը՝ որպէս արարածներ»։

Համաճարակը մեզ կը կոչէ «այս փորձանքի ժամանակը նկատելու՝ որպէս ընտրանքի ժամանակ. Ժամանակ ընտրելու այն ինչ որ անհրաժեշտ է եւ ինչ որ անցողական…այս մէկը կարող է  ներկայացնել իսկական հնարաւորութիւն մը դարձի, յեղաշրջումի, վերամտածելու համար մեր կեանքի ուղին ու մեր տնտեսական եւ ընկերային համակարգերը, որոնք կ՛աճեցնեն աղքատներու եւ հարուստներու միջեւ բացը, կենսամիջոցներու անարդար բաշխումի պատճառաւ» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Ան ապա նկատել տուաւ՝ թէ կը գտնուինք երկընտրանքի դիմաց. Մէկը որ կ՛առաջնորդէ բազմակողմնութեան ամրապնդումին, որ արտայայտութիւնն է զօրակցութեան մը հիմնուած արդարութեան եւ խաղաղութեան ու մարդկային ընտանիքի միութեան իրականացման վրայ, որ է Աստուծոյ ծրագիրը աշխարհին համար եւ միւսը՝ որ կը նախընտրէ ինքնաբաւութեան, ազգայնամոլութեան, պահպանողականութեան, անհատականութեան եւ կղզիացումի վերաբերմունքը, բացառելով աղքատները, դիւրաբեկները եւ գոյութենական արուարձաններու բնակիչները։ «Այս վերջինս վստահաբար վնաս պիտի պատճառէ համայն հասարակութեան» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը որ ապա աւելցուց.

Հանրային առողջապահութիւնը

«Համաճարակը ի յայտ դրաւ հրատապ անհրաժեշտութիւնը խթանելու հանրային առողջութիւնը եւ ասոր համար կը նորոգեմ քաղաքական պատասխանատուներուն եւ մասնաւոր հատուածի ուղղուած կոչս, որպէսզի պատշաճ միջոցներ որդեգրեն Քովիտ19 ժահրի դէմ պատուաստանիւթը հասանելի դարձնելու բոլորին եւ եթէ կարիքը կայ նախապատուութիւն մը տալ որեւէ մէկուն, այդ մէկը թող ըլլայ աղքատին եւ դիւրաբեկին»։

Զօրակցութիւն եւ աշխատանք

Ներկայ ճգնաժամը ցոյց տուաւ նաեւ թէ զօրակցութիւնը ունայն խոստում մը կամ բառ մը չի կրնար ըլլալ....Մարդկային ազատութիւնը կարող է սահմանափակել արհեստագիտութիւնը, զայն կողմնորոշել եւ դնել այլ տեսակ զարգացումի մը ծառայութեան տակ, աւելի առողջ, աւելի մարդկային, աւելի ընկերային, աւելի համապարփակ։ «Հարկաւոր է հաշուի առնենք այս բոլորը՝ «Արհեստական իմացականութեան» մասին բարդ քննարկումներու ժամանակ» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով՝ թէ հարկաւոր է գտնել աշխատանքի նոր ձեւեր որոնք կարող են գոհացնել մարդկային ներուժը։

Արհեստագիտութեան առաջընթացքը անհրաժեշտ ու օգտակար է պայմանաւ, որ ծառայէ մարդոց աշխատանքը միշտ աւելի արժանավայել, աւելի ապահով, նուազ ծանր ու յոգնեցուցիչ դարձնելու համար։

Մարդկային արժանապատուութեան եւ ազատութեան յարգանք

Այս բոլորը կը պահանջէ «ուղղութեան փոփոխութիւն» յարեց

Սրբազան Պապը ակնարկելով ապա մնացորդացի մշակոյթին, որ յառաջ կու գայ մարդկային արժանապատուութեան յարգանքի պակասէն։ Քահանայապետը դիտել տուաւ թէ ինչպէս հիմնական իրաւունքները կը շարունակուին խախտուիլ՝ բռնաբարելով մարդկութեան դիմագիծը, զայն դարձնելով զուրկ ազատութենէ եւ արժանապատուութենէ։ Այդ համապատկերին մէջ կրօնաւորները եւս կը շարունակեն ենթարկուիլ ամէն տեսակ հալածանքի, ներառեալ ցեղասպանութիւնը։

Քանդիչ զէնքերը, գաղթականները։

«Կրօնական հաւատացեալներու միջեւ քրիստոնեաներս եւս զոհեր ենք» հաստատեց Սրբազան Պապը մատնանշելով ապա  հակամարտութեան շրջաններու մէջ պայթուցիկ զէնքերու գործածութեան ողբերգական հետեւանքներուն, որոնք կը դառնան զանգուածային ոչնչացման զէնքեր, կործանելով քաղաքներ, դպրոցներ, հիւանդանոցներ, կրօնական կառոյցներ, եւ բնակչութեան հայող ենթակառոյցներ ու ծառայութիւններ։

Շատեր ասոր բերումով ստիպուած են թողուլ իրենց օճախները, ընտրելով ներքին տեղահանի, գաղթականի ու ապաստանեալի իրավիճակը։ «Անոնցմէ շատեր զոհ են մարդավաճառութեան կամ սեռային չարաշահումներու եւ այս բոլորը անհանդուրժելի է», յարեց Սրբազան Պապը նշելով՝ որ «հակառակ ամէն ինչի ներկայ ճգնաժամը առիթ է՝ հնարաւորութիւն ՄԱԿ-ին համար, ստեղծելու  աւելի եղբայրական եւ կարեկից ընկերութիւն մը։

Վերատեսել տնտեսական համակարգը

Այս կը նշանակէ վերատեսել տնտեսական եւ ֆինանսական իշխանութիւններու դերակատարութիւնը, որոնք պէտք է պատասխան տան՝ գերհարուստներու եւ մշտապէս աղքատներու միջեւ անհաւասարութիւններու արագ աճումին համար։

«Պէտք է որդեգրել տնտեսական համակարգ մը, որ խթանէ օժանդակութիւնը, թիկունք կանգնի տեղական գետնի վրայ տնտեսական զարգացումին եւ ներդրում կատարէ դաստիարակութեան եւ ենթակառոյցներուն ուղղութեամբ ի սպաս տեղական հասարակութիւններուն» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը վերանորոգելով կոչը՝ «որպէսզի բոլոր Պետութիւնները կարելիութիւնը ունենան հոգալու, այս ժամանակահատուածի կարիքներուն, նուազեցնելով ու նաեւ վերացնելով պարտքը զոր կը կշռէ ամենէ աղքատներու պիւտճէին վրայ»։

«Միջազգային հասարակութիւնը պէտք է աւելիով ջանք դափէ վերջ դնելու համար անտեսական անարդարութիւններուն» թելադրեց Քահանայապետը նշելով՝ թէ այս պատշաճ ժամանակն է վերանորոգելու միջազգային ֆինանսական ճարտարապետութիւնը։

Բնապահպանական հարցը

Նորին Սրբութիւնը վերյիշեց ապա 5 տարիներ առաջ ՄԱԿ կատարած պատմական այցելութիւնը, մատնանշելով այդ այցելութենէն մի քանի ամիսներ ետք կլիմայական փոփոխութեան հայող Փարիզի համաձայնագիրին, թէեւ, ըսաւ Ան, պէտք է ընդունիլ որ հակառակ բարենպաստ քայլերուն, խոտումները յարգելու Միջազգային հասարակութեան անբաւարար կարողութիւնը, զիս կը մղէ վերահաստատելու թէ պէտք է այնպէս ընենք, որ մեր հաստատութիւնները ըլլան իսկապէս արդիւնաբեր, բոլոր պատուհասներու դէմ պայքարի մէջ։

Քահանայապետը անդրադարձ կատարեց ապա Ամազոնեան տարածաշրջանի բնիկներուն ու անոնց ապրած վտանգաւոր կացութեան, խրախուսելով «քաղաքական կամք ունենալ» լրջօրէն դիմագրաւելու համար կլիմայական փոփոխութիւններու հարցը եւ աջակցելու աղքատ ու դիւրաբեկ ժողովուրդներուն։

Մանուկներու, ընտանիքի եւ կիներու իրաւունքը

«Սուրբ Աթոռը պիտի շարունակէ կատարել իր դերակատարութիւնը» հաստատեց ապա Սրբազան Պապը ակնարկելով Քովիտ 19 ժահրի մանուկներու վրայ ունեցած ազդեցութեան, ինչպէս նաեւ անչափահասներու դէմ յաճախ բանեցուած բռնութեան սրացումին։

«Միլիոնաւոր մանուկներ կարող չեն դպրոց յաճախել» դիտել տուաւ Քահանայապետը, մատնանշելով նաեւ՝ թէ այս իրականութիւնը բազմաթիւ երկիրներու մէջ կ՛աճեցնէ մանկական աշխատանքը, չարաշահումը, եւ թերսնուցումը, ու քննադատելով միջազգային հաստատութիւններն ու երկիրները՝ որոնք կը խթանեն «վիժումը» որպէս «հիմնական ծառայութիւն»։ «Տխուր երեւոյթ է տեսնել թէ ինչպէս կեանքի մերժումը դարձաւ հարցերու լուծում» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը։

«Ուստի կ՛ աղաչեմ քաղաքացիական իշխանութիւններուն,  որպէսզի յատուկ ուշադրութիւն դարձնեն այն երեխաներուն, որոնք զրկուած են իրենց հիմնարար իրաւունքներէն և արժանապատուութենէն, մասնաւորապէս `կեանքի և կրթութեան իրաւունքէն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, մէջբերելով երիտասարդ Մալալա Եուսաֆզայի խօսքերը. «Մանուկ մը, վարժապետ մը, գիրք մը եւ գրիչ մը՝ կարող են փոխել աշխարհը»։

Այս ուղղութեամբ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց թէ մանուկի մը առաջին դաստիարակները անոր հայրն ու մայրն են, ընտանիքը՝ որ Մարդու Իրաւունքի հռչակագիրը կը ներկայացնէ՝ որպէս «ընկերութեան հիմնական ու բնական բջիջ»։ Յաճախ սակայն ընտանիքը թիրախ է գաղափարական գաղութատիրութիւններու, որոնք զայն կը դարձնեն դիւրաբեկ։ «Ժամն է վերատեսելու մեր նպատակները ու յանձնառու ըլլալու անոնց նկատմամբ» յարեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապը այս նպատակներուն շարքին դասելով «կիներու խթանումը»։

Կիները ընկերութեան մէջ ունին կարեւոր դեր մը՝ իրենց իւրայատուկ սատարով, թէեւ անոնցմէ շատեր ետեւ կը մնան, որովհետեւ թիրախ են ստրկութեան, մարդավաճառութեան, բռնութիւններուն եւ չարաշահումներուն։

«Անոնց եւ բոլոր կիներուն որոնք կ՛ապրին հեռու իրենց ընտանիքներէն  կ՛արտայայտեմ եղբայրական մօտիկութիւնս ու միեւնոյն ատեն կը պահանջեմ աւելի մեծ վճռակամութիւն եւ յանձնառում՝ պայքարելու համար այդ այլասերուած գործունէութիւններուն դէմ,  որոնք կը նուաստացնեն  ոչ միայն կիները, այլ նաև ողջ մարդկութիւնը, որ իր լռութեամբ և գործնական գործողութիւններու բացակայութեամբ մեղսակից կը դառնայ անոնց» նկատել տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապը:

Սպառազինութեան մրցավազքը

Երկարաշունչ իր ճառին վերջին մասին մէջ Նորին Սրբութիւնը շեշտը դրաւ «սպառազինութեան մրցավազքի» վրայ, ներառեալ «հիւլէական զէնքերը», հարց տալով եթէ այդ ուղղութեամբ մսխուած գումարները կարելի չէ օգտագործել ի նպաստ ժողովուրդներու համապարփակ զարգացումին կամ բնական շրջապատի պաշտպանութեան։

Պէտք է քանդենք այլասեռ այն տրամաբանութիւնները, որոնք ընկերային եւ անձնական անվտանգութիւնը  կը վերագրեն զէնքի սեփականութեան։

Այսպիսի  տրամաբանութիւններ կը  ծառայեն միայն պատերազմական արդիւնաբերութեան շահոյթի աւելացումին ՝ մարդոց և ժողովուրդներու մէջ անվստահութիւն և վախի մթնոլորտ բորբոքելով։

Հետեւաբար կարեւոր է աջակցիլ  միջուկային զինաթափումի տարածման արգելքի ի նպաստ միջազգային իրաւական գործիքներուն։ Սուրբ Աթոռը կը մաղթէ որ վերջ տրուի հիւլէական զէնքերու սպառազինութեան մրցավազքին եւ արդիւնաւէտ քայլեր առնուին միջուկային զինաթափումի ուղղութեամբ։

«Հակամարտութեան մէջ գտնուող մեր աշխարհը կարիքը ունի որ ՄԱԿ-ը դառնայ խաղաղութեան միշտ աւելի արդիւնաւէտ գիտաշխանոց ու այս կը պահանջէ որ Ապահովութեան Խորհուրդի անդամները, գործեն աւելի մեծ միասնութեամբ եւ վճռակամութեամբ» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով ներկայ ճգնաժամի բերումով  որդեգրուած համընդհանուր զինադադարին, «որուն կիրառումը  կարիքը ունի բոլորի բարի կամքին» շեշտեց Ան, վերահաստատելով նաեւ կարեւորութիւնը վերացնելու միջազգային պատժամիջոցները որպէսզի Պետութիւնները կարողանան աջակցիլ իրենց ժողովուրդներու պահանջներուն։

«Տագնապէ մը կարելի չէ առաջուայ նման դուրս գալ, կամ դուրս կու գանք աւելի լաւ կամ ալ աւելի վատ։ Ուստի մեր այս տագնապալից պահուն, մեր պարտականութիւնն է վերամտածել մեր հասարակաց տան ու մեր միասնական ծրագրին ապագան։  Բարդ պարտականութիւն մըն է, որ կը պահանջէ երկխօսութեան մէջ հետեւողականութիւն, բարելաւելու համար Պետութիւններու միջեւ համագործակցութիւնն ու բազմակողմնութիւնը։ Այս ճգնաժամը աւելիով կ՛ընդգծէ մեր ինքնաբաւութեան և ընդհանուր դիւրաբեկութեան սահմանները և մեզ կը մղէ յստակօրէն ընդունելու՝ թէ  ինչպէս կ՛ուզենք դուրս գալ այս տագնապէն. աւելի լաւ կամ աւելի վատ:

Համաճարակը ցոյց տուաւ որ չենք կրնար ապրիլ առանց միւսին, եւ կամ մէկը միւսին դէմ։ Միացեալ Ազգերը ստեղծուեցան միացնելու  համար ազգերը, զանոնք իրար մօտեցնելու, որպէս կամուրջ ժողովուրդներու միջեւ։ Օգտագործենք զայն մեր դիմագրաւած մարտահրաւէրը փոխակերպելու հնարաւորութեան, որպէսզի անգամ մը եւս միասին կառուցենք մեր փափաքած ապագան։

Թող Աստուած օրհնէ բոլորը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/09/2020, 15:52