Վատիկան Նիուզ
Շաբաթ 18 Յուլիսին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Տիար Ճովաննի Պաթթիսթա Տոլիեթթոն նշանակեց Վատիկանի Առողջապահութեան ֆոնտի տնօրէն։
1948-կ ծնունդ բժիշկը մէկ տարի է ի վեր կը համագործակցէր նախկին տնօրէն՝ Տիար Սթեֆանօ Լորեթիին հետ։ Ան Ճեմելլի հիւանդանոցին մէջ աշխատած է որպէս փրոֆ Ֆրանչեսքօ Քրուչիթթիի օգնական՝ վիրաբոյժը որ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ խնամած էր՝ 13 մայիս 1981-ի անոր դէմ գործադրուած մահափորձէն ետք։ Տոլիեթթօ ապա դարձաւ Ճեմելլի հիւանդանոցի Մարսողական վիրաբուժութեան մասնաճիւղի ղեկաւար։ Ան հեղինակ է աւլի քան 500 գիտական աշխատանքներուն։ Անոր հօր իղձն էր զինք տեսնել արդիւնաբերական ասպարէզին մէջ, սակայն Ճովաննի Պաթթիսթային երազը եղած էր դառնալ բժիշկ։