Ճովաննի Պաթթիսթա Տոլիեթթօ Ճովաննի Պաթթիսթա Տոլիեթթօ  

Ճովաննի Պաթթիսթա Տոլիեթթօ դարձաւ Վատիկանի Առողջապահութեան ֆոնտի տնօրէն։

1948-կ ծնունդ բժիշկը մէկ տարի է ի վեր կը համագործակցէր նախկին տնօրէն՝ Տիար Սթեֆանօ Լորեթիին հետ։

Վատիկան Նիուզ

Շաբաթ 18 Յուլիսին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Տիար Ճովաննի Պաթթիսթա Տոլիեթթոն նշանակեց Վատիկանի Առողջապահութեան ֆոնտի տնօրէն։

1948-կ ծնունդ բժիշկը մէկ տարի է ի վեր կը համագործակցէր նախկին տնօրէն՝ Տիար Սթեֆանօ Լորեթիին հետ։ Ան Ճեմելլի հիւանդանոցին մէջ աշխատած է որպէս փրոֆ Ֆրանչեսքօ Քրուչիթթիի օգնական՝ վիրաբոյժը որ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ խնամած էր՝ 13 մայիս 1981-ի անոր դէմ գործադրուած մահափորձէն ետք։  Տոլիեթթօ  ապա դարձաւ Ճեմելլի  հիւանդանոցի Մարսողական վիրաբուժութեան մասնաճիւղի ղեկաւար։  Ան հեղինակ է աւլի քան 500 գիտական աշխատանքներուն։ Անոր հօր իղձն էր զինք տեսնել արդիւնաբերական ասպարէզին մէջ, սակայն Ճովաննի Պաթթիսթային երազը եղած էր դառնալ բժիշկ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/07/2020, 12:00