Որոնել

1591524446902.JPG

Քահանայապետին մօտիկութիւնը համաճարակի հիւանդներուն եւ հրաւէրը մեծարելու Յիսուսին Սուրբ Սիրտը։

Յիսուսին մարդկային եւ աստուածային սիրտը աղբիւրն է ուր կարելի է միշտ գտնել ողորմութիւնը, ներումը եւ Աստուծոյ քնքշութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան  - Վատիկան

Կիրակի 7 Յունիս 2020-ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան  աղօթքի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն, յայտնեց թէ անոնց ներկայութիւնը հրապարակին վրայ, նշան է՝ թէ Իտալիոյ մէջ համաճարակի սուր փուլը աւարտած է, «նոյնիսկ եթէ անհրաժեշտ է շարունակել ուշադրութեամբ հետեւիլ եւ գործադրել գործող կանոնները» ըսաւ Ան թելադրելով նաեւ յաղթանակ չի նկատել այս մէկը։ 

«Դժբախտաբար սակայն, այլ երկիրներու մէջ, Վիրուսը կը շարունակէ բազմաթիւ զոհեր պատճառել։ Անցեալ շաբաթ երկրի մը մէջ ամէն մէկ վարկեան մահ մը արձանագրուեցաւ։ Սարսափելի է»  աւելցուց Սրբազան Պապը, իր մօտիկութիւնը յայտնելով այդ տարածաշրջանի ժողովուրդներուն, հիւանդներուն ու անոնց ընտանիքներուն եւ բոլոր անոնց որոնք կը զբաղին անոնց խնամատարութեամբ։Մեր աղօթքով մօտիկ ըլլանք անոնց։

Սրբազան Պապը նշեց ապա  թէ Յունիս ամիսը յատուկէն նուիրուած է Յիսուսի Սուրբ Սրտին, «ջերմեռանդութիւն մը՝ որ կը միացնէ հոգեւոր մեծ վարդապետները եւ Աստուծոյ ժողովուրդին պարզ հաւատացեալները» ըսաւ Ան։

«Արդարեւ Յիսուսին մարդկային եւ աստուածային սիրտը աղբիւրն է ուր կարելի է միշտ գտնել ողորմութիւնը, ներումը, Աստուծոյ քնքշութիւնը։ Եւ այս կարելի է կանգ առնելով Աւետարանի հատուածի մը առջեւ, ուր կը զգանք թէ Յիսուսին ամէն մէկ խօսքին ու արարքին մէջ կայ սէր, Հօր սէրը։ Կարող ենք այդ ընել նաեւ Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեամբ, ուր այդ սէրը ներկայ է այդ Խորհուրդին մէջ։ Այդ ժամանակ մեր սիրտը եւս կամաց կամաց կը դառնայ աւելի համբերող, աւելի առատաձեռն, աւելի ողորմած, նման Յիսուսի Սուրբ Սրտին» յարեց Սրբազան Պապը հրաւիրելով ներկաները միասին կրկնելու հետեւեալ աղօթքը զոր ինք սորված է Մեծ Մօրմէն. «Յիսուս այնպէս ըրէ իր սիրտս ըլլայ Սրտիդ նման»։ 

Քահանայապետը հուսկ հրաժեշտ առաւ ներկաներէն անոնց մաղթելով բարի կիրակի եւ սովորութեան համաձայն խնդրելով որ բարեհաճին չմոռնալ աղօթելու իրեն համար։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/06/2020, 12:15