Որոնել

«Աղօթենք դժուարութեան մէջ գտնուողներուն համար» Քահանայապետի Յունիս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնը։

Աղօթենք՝ որպէսզի անոնք որոնք կը տառապին կարողանան գտնել կեանքի ճանապարհը թոյլ տալով որ Յիսուսի Սիրտը դպչի իրենց։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մինչ համաճարակը կը շարունակէ մտրակել աշխարհի տարբեր վայրեր, Սրբազան Քահանայապետը չի մոռնար անոնք՝ որոնք կը դիմագրաւեն դժուարութիւնները ու այս մէկը կը բացայայտուի Յունիս ամսուայ Քահանայապետի Աղօթքի դիտաւորութեան տեսահոլովակէն, ուր ան կը խնդրէ աղօթել բոլոր անոնց համար, որոնք դժուարութեան մէջ կը գտնուին, որպէսզի կարողանան վերագտնել կեանքի ուղիներ, թոյլ տալով որ Յիսուսին Սիրտը դպչի իրենց։

Աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամին մէջ, որ ամէն ամիս կը հրապարակուի  քահանայապետի Աղօթքի համաշխարհային ցանցի նախաձեռնութեամբ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  կ՛ըսէ.

«Բազմաթիւ մարդիկ կը տառապին իրենց կրած  ծանր դժուարութիւններուն համար։

Կրնանք օգնել անոնց, առաջնորդելով կարեկցութեան լի ուղիի վրայ,  որ կը փոխէ մարդոց կեանքը ու զայն կը մօտեցնէ Քրիստոսի Սրտին, որ մեզ բոլորս կ՛ընկալէ քնքշութեան յեղափոխութեան ներքոյ։

Աղօթենք՝ որպէսզի անոնք որոնք կը տառապին կարողանան գտնել կեանքի ճանապարհը թոյլ տալով, որ Յիսուսի Սիրտը դպչի իրենց»։

«Այնտեղ ուր տառապանք կայ, ցաւ կայ, դժուարութիւն կայ, կայ նախ եւ առաջ Յիսուսին Սիրտը։ Ոչ մէկը մինակ է» Քահանայապետի վերոնշեալ պատգամը կը յիշեցնէ թէ կայ ուղեւորութիւն մը, որ կը տանի Յիսուսի Սրտին։ Ան կը հրաւիրէ մօտենալու այդ սրտի ուղեւորութեան, որովհետեւ կարող է ընկալել մեզ բոլորս  քնքշութեան յեղափոխութեան ներքոյ։

Յիսուսին Սուրբ Սրտին նկատմամբ ջերմեռանդութիւնը հինաւուրց պատմութիւն ունի, սկսեալ Սուրբ Յովհաննէս Աւետարանիչէն  որ կը խօսի Յիսուսի Խոցուած սրտի մասին, որով կը յայտնուի Յիսուսին խոր սէրը՝ մարդկութեան նկատմամբ, անցնելով Սրբուհի Մարկերիդ Մարի Ալաքոքի  յայտնութիւններուն՝ ԺԸ դարուն, ապա հասնելով Ի դարուն սկիզբը՝  Սրբուհի Ֆաուսթինայի Աստուածային ողորմութեան պաշտամունքին։

Պիոս ԺԲ Պապը Սուրբ Սրտին նուիրեց շրջաբերական մը « Haurietes aquas» 1956-ին, մինչ այս տարի կը յիշատակուի Սրբուհի  Մարկերիդ Մարի Ալաքոքի սրբադասման 100 ամեակը։ Ան որ իր խոստովանահայր Յիսուսեան Հայր Քլոտ Լա Քոլոմպիերի օգնութեամբ կարողացաւ հասկնալ  Յիսուսէն իրեն  փոխանցած ողորմութեան պատգամը, որ ապա որպէս զայն ճանչցնելու առաքելական պարտականութիւն, որդեգրուեցաւ նաեւ Յիսուսեան միաբնութեան կողմէ 1883 թուականին, նախ որպէս աղօթքի առաքելութիւն, ապա այժմ՝ որպէս Քահանայապետի աղօթքի համաշխարհային ցանց։

Ցանցը Քահանայապետական գործունէութիւն մըն է, որուն առաքելութիւնն է աշխարհի բոլոր կաթողիկէները շարժումի մէջ  դնել, դիմագրաւելու համար մարդկութիւնը յուզող մարտահրաւէրներն ու եկեղեցւոյ առաքելութիւնը։ Այդ դիտաւորութիւնները կը ներկայացուին որպէս աղօթքի դիտաւորութիւնիններ զոր Քահանայապետը կը յանձնէ համայն եկեղեցւոյ։  Ցանցը հիմնուած է 1844 թուականին ու ներկայ է 98 երկիրներու մէջ

«Որքան աւելիով մօտիկ ըլլանք Յիսուսի Սուրբ Սրտին՝ այնքան աւելիով կը զգանք Անոր ուրախութիւններն ու ցաւը՝ այս աշխարհի մարդոց համար։ Որքան մօտիկ ենք Յիսուսին Սուրբ Սրտին այդքան աւելի նուազ անտարբեր կ՛ըլլանք մեզ շրջապատող բաներուն նկատմամբ, յանձնառու ըլլալով ծառայել կարեկցութեան առաքելութեան» կը յայտնէ Քահանայապետի աղօթքի դիտաւորութեան հրապարակումին առթիւ Քահանայապետի աղօթքի համաշխարհային ցանցի տնօրէն՝ Յիսուսեան Հայր Ֆրետերիք Ֆորնոսը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/06/2020, 17:00