Որոնել

urbi-et-orbi-portale-27-marzo-2020-EN.jpg

#PrayTogheher. Միանանք Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքին՝ Քորոնա ժահրի համաճարակի աւարտին համար։

Եկէք միանանք Նորին Սրբութեան աղօթքին ու բոլորս միաբերան հայցենք մեր Տիրոջ ու Փրկիչին ողորմութիւնը, որպէսզի Ան աշխարհը ազատէ այս աղէտալի ժահրէն, դարձի բերէ կարծր սրտերը ու ներէ մարդկութեան չարիքները, բարեխօսութեամբն Իր ու մեր Մօր՝ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ժահրի համաճարակին պատասխանենք աղօթքի տիեզերականութեամբ» այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, անցեալ կիրակի օր՝ հրաւէր ուղղեց աշխարհի բոլոր քրիստոնեաներուն, հոգեպէս  միանալու  իր աղօթքին  Քորոնա Ժահրի տագնապի յաղթահարման համար։

Ունկնդրէ լուրը

Հրաւէր-կոչին մէջ Սրբազան Քահանայապետը, մատնանշելով  համաճարակի սպառնալիքին դիմաց մարդկութեան ապրած սարսափին, բոլոր քրիստոնեաներուն առաջարկեց միացնել իրենց ձայները՝  զանոնք բարձրացնելով առ Աստուած։

Նորին Սրբութիւնը խնդրած էր որ չորեքշաբթի 25 մարտին կէսօրին, բոլորը միասին  աղօթէին Տէրունական «Հայր Մեր» աղօթքը, աղերսելով Աստուծոյ օգնութիւնը։

“#PrayTogheher. Միասին Աղօթենք։ 27 Մարտ 2020 ժամը 18.00”

Քահանայապետը  հուսկ հրաւէր ուղղած էր աշխարհի  բոլոր կաթողիկէներուն, հոգեպէս միանալու եւ հաղորդամիջոցներուն միջոցաւ մասնակցելու՝  27 մարտ 2020ի երեկոյեան 6-ին,  Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի մուտքին իրեն նախագահելիք պաղատանքի եւ աղերսական աղօթքի յատուկ արարողութեան։

«Պիտի ունկնդրենք Աստուծոյ Խօսքը, մեր աղերսը պիտի բարձրացնենք ու երկրպագութիւն պիտի ընենք Ամենասուրբ Հաղորդութեան, որուն հետ աւարտին պիտի կատարեմ «Ուրպի Էթ Օրպի – Հռոմի ու համայն աշխարհին» օրհնութիւնը», ըսած էր Սրբազան Պապը մատնանշելով նաեւ՝ թէ բոլոր անոնք որոնք այդ արարողութեան պիտի մասնակցին, կարելիութիւնը պիտի ունենան ընդունելու լիակատար ներումը։    

«Ժահրի համաճարակին պատասխանենք աղօթքի համընդհանրութեամբ, գթութեան ու քնքշութեան համընդհանրութեամբ» ըսած էր այդ առթիւ Սրբազան Պապը հրաւիրելով նաեւ միացած մնալ ու մօտիկութիւն ցուցաբերել միայնակ ու դժուարութեան մէջ ապրող մարդոց։

Նորին Սրբութեան Քորոնա Ժահրի յաղթահարման համար, Սուրբ Պետրոսի դատարկ հրապարակին վրայ կատարուած յատուկ աղօթքին կարելի է հետեւիլ   Վատիկան Նիուզի կայքէջի միջոցաւ (vaticannews.va), կամ Ռատիովատիկանի youtube-ի էջին միջոցաւ։

Եկէք միանանք Նորին Սրբութեան աղօթքին ու բոլորս միաբերան հայցենք մեր Տիրոջ ու Փրկիչին ողորմութիւնը, որպէսզի Ան աշխարհը ազատէ այս աղէտալի ժահրէն, դարձի բերէ կարծր սրտերը ու ներէ մարդկութեան չարիքները, բարեխօսութեամբն Իր ու մեր Մօր՝ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ։

#PrayTogheher. Միասին Աղօթենք

 

ԾԻՍԱԿԱՏԱՐՈԻԹԻՒՆԸ

Նշենք թէ՝ համաճարակի ժամանակաշրջանին կատարուած աղօթքի այս արտակարգ պահի ընթացքին Վատիկանեան Պազիլիքայի մուտքին պիտի զետեղուին Հռոմի Մարիա Մաճճորէ Մայր Տաճարի Սալուս Փոփուսի Ռոմանի՝ Սուրբ Կոյս Մարիամի Սրբապատկերը ու Սան Մարչելլօ Եկեղեցւոյ հրաշագործ Խաչելութիւնը։

Աղօթքը սկիզբ պիտի առնէ Աստուծոյ Խօսքի ունկնդրութեամբ որմէ ետք Նորին Սրբութիւնը կը ներկայացնէ խորհրդածութիւն։

Սուրբ Հաղորդութիւնը պիտի զետեղուի  Վատիկանի Պազիլիքայի գաւիթին մէջ պատրաստուած խորանին վրայ,  որով աղօթքի արարողութեան աւարտին պիտի կատարուի Սուրբ Հաղորդութեան օրհնութիւնը։

Լիակատար ներումի բանաձեւը կը ներկայացնէ Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի Աւագերէց՝ Կարդինալ Անճելօ Քոմասթրի։

Արտակարգ աղօթքի պահը պիտի տեւէ գրեթէ մէկ ժամ ժամը 18.00էն՝ 19.00։

Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Տիրամայր
Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Տիրամայր

Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Սրբապատկերը

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յատուկ ջերմաջերմութիւն ունի Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Տիրամօր սրբապատկերին նկատմամբ։ Ան ամէն մէկ միջազգային ճամբորդութենէն առաջ ու ետք կ՛ուղղուի այդ սրբապատկերի մատուռը, նախ Տիրամօր յանձնելու համար առաքելական ճամբորդութիւնը, ապա ճամբորդութեան աւարտին Անոր շնորհակալութիւն յայտնելու առաքելութեան յաջողութեան համար։

593 թուականին  Գրիգոր Ա Սրբազան Քահանայապետը  Տիրամօր վերոնշեալ հրաշագործ սրբապատկերը թափօրով շրջել տուած էր Հռոմի զանազան թաղամասերու մէջ, հայցելու համար ժանտախտի աւարտը, մինչ 1837-ին Գրիգոր ԺԸ Քահանայապետը Տիրամօր բարեխօսութիւնը հայցած էր վերջ դնելու համար խոլերայի համաճարակին։

Սան Մարչելլօ Եկեղեցւոյ հրաշագործ Խաչը
Սան Մարչելլօ Եկեղեցւոյ հրաշագործ Խաչը

Սան Մարչելլօ եկեղեցւոյ հրաշագաործ Խաչը

Գալով՝ «San Marcello al Corso» եկեղեցւոյ մէջ պահպանուած 15րդ դարու փայտէ շինուած Խաչի հրաշքներուն, հարկաւոր է յիշել 23 մայիս 1519-ի հրաշքը, երբ  գիշերուայ ընթացքին բռնկուած հրդեհ մը ամբողջութեամբ կը կործանէ  Սան Մարչելլոյի եկեղեցին սակայն երկրորդ օրը՝ առաւօտեան, փլատակներու տակէն դուրս կու գայ  խորանի խաչը՝ անբիծ ու վնասներէ զերծ։

Այդ հրդեհէն երեք տարիներ ետք Հռոմը թիրախ կը դառնայ «Մեծ Ժանտախտին» ու ժողովուրդը, հակառակ ժանտախտի տարածումը կանխարգիլելու համար  իշխանութիւններուն որդեգրած սահմանափակումներուն, կը փութայ եկեղեցի ու Խաչը թափօրով կը տանի Հռոմի զանազան թաղամասեր, ապա դէպի Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայ։ Թափօրը կը տեւէ 16 օր, 4էն մինչեւ 20 օգոստոս 1522, ու մինչ թափօրը յառաջ կ՛ընթանար ժանտախտը կամաց կամաց կը նուազէր եւ ասոր համար ամէն մէկ թաղամաս կը ջանար խաչը իր մօտ պահել որքան կարելի երկար ժամանակ։ Թափօրի աւարտին երբ խաչը վերադարձաւ եկեղեցի ժանտախտը բոլորովին անյայտացած էր։

1600 սկսեալ Սան Մարչելլոյի անուամբ Եկեղեցւոյ խաչին դէպի Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայ թափօրը դարձած է աւանդութիւն որ կը կատարուի ամէն մէկ Յոբելենական Սուրբ Տարիի ընթացքին։ Խաչի ետին փորագրուած են զանազան Քահանայապետերու անունները ու Յոբելենական սուրբ տարիներու թուականները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/03/2020, 15:48