Որոնել

1584297749329.JPG

Ֆրանչիսկոս Պապին յատուկ աղերսն ու աղօթքը՝ համաճարակի աւարտին համար։

Սրբազան Քահանայապետը հայցեց Իտալիան ու համայն աշխարհը հարուածող համաճարակին աւարտը, աղերս բարձրացնելով առ Աստուած՝ բազմաթիւ հիւանդներու ապաքինումին համար ու յիշելով այս օրերու Քորնա Ժահրին զոհերը ու խնդրելով որ այդ զոհերուն ընտանիքներն ու բարեկամները կարողանան գտնել մխիթարութիւն եւ սփոփանք։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 15 մարտ 2020 ի երեկոյեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, անակնկալ կերպով դուրս գալով Վատիկանէն, այցելեց Սանթա Մարիա Մաճճորէ՝ Աստուածամօր նուիրուած Հռոմի Պազիլիքան ուր ամփոփուեցաւ Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Տիրամօր սրբապատկերին առջեւ, հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի յատուկ հովանին, Քորոնա ժահրի համաճարակի աւարտին համար։ Լուրը հաղորդեց  Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը՝ Տիար Մաթթէօ Պրունի որ յայտնեց թէ Նորին Սրբութիւնը Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքային տուած այցելութենէն ետք, որպէս ուխտաւոր ուղղուեցաւ Հռոմի կեդրոնը գտնուող «San Marcello al Corso» եկեղեցի, ուր կը գտնուի հրաշագործ Խաչելութիւնը, որ 1522-ին թափորով շրջեցաւ Հռոմի զանազան թաղամասերու մէջ, որպէսզի վերջ դրուէր Հռոմը հարուածող «մեծ ժանտախտին»։

Ունկնդրէ լուրը

Իր այս երկու եկեղեցիներուն մէջ կատարած աղօթքներու ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը հայցեց Իտալիան ու համայն աշխարհը հարուածող համաճարակին աւարտը,  աղերս բարձրացնելով առ Աստուած՝ բազմաթիւ հիւանդներու ապաքինումին համար ու յիշելով այս օրերու Քորնա Ժահրին զոհերը ու խնդրելով որ այդ զոհերուն ընտանիքներն ու բարեկամները կարողանան գտնել մխիթարութիւն եւ սփոփանք։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը աղօթեց նաեւ առողջապահական մարզէն ներս գործող բոլոր աշխատաւորներուն համար՝բժիշկներ, հիւանդապահներ, բուժ օգնութիւն մատուցողներ… ու բոլոր անոնց որոնք իրենց աշխատանքով կ՛ապահովեն ընկերութեան յառաջ ընթացքը։

Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Սրբապատկերը

Ինչպէս յայտնի է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յատուկ ջերմաջերմութիւն ունի Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Տիրամօր սրբապատկերին նկատմամբ։ Ան ամէն մէկ միջազգային ճամբորդութենէն առաջ ու ետք կ՛ուղղուի այդ սրբապատկերի մատուռը, նախ Տիրամօր յանձնելու համար առաքելական ճամբորդութիւնը, ապա ճամբորդութեան աւարտին Անոր շնորհակալութիւն յայտնելու առաքելութեան յաջողութեան համար։

593 թուականին  Գրիգոր Ա Սրբազան Քահանայապետը  Տիրամօր վերոնշեալ հրաշագործ սրբապատկերը թափօրով շրջել տուած էր Հռոմի զանազան թաղամասերու մէջ, հայցելու համար ժանտախտի աւարտը, մինչ 1837-ին Գրիգոր ԺԸ Քահանայապետը Տիրամօր բարեխօսութիւնը հայցած էր վերջ դնելու համար խոլերայի համաճարակին։

Սան Մարչելլօ եկեղեցւոյ հրաշագաործ Խաչը

Իսկ գալով՝ «San Marcello al Corso» եկեղեցւոյ մէջ պահպանուած 15րդ դարու փայտէ շինուած Խաչի հրաշքներուն, հարկաւոր է յիշել 23 մայիս 1519-ի հրաշքը, երբ  գիշերուայ ընթացքին բռնկուած հրդեհ մը ամբողջութեամբ կը կործանէ  Սան Մարչելլոյի եկեղեցին սակայն երկրորդ օրը՝ առաւօտեան, փլատակներու տակէն դուրս կու գայ  խորանի խաչը՝ անբիծ ու վնասներէ զերծ։

Այդ հրդեհէն երեք տարիներ ետք Հռոմը թիրախ կը դառնայ «Մեծ Ժանտախտին» ու ժողովուրդը, հակառակ ժանտախտի տարածումը կանխարգիլելու համար  իշխանութիւններուն որդեգրած սահմանափակումներուն, կը փութայ եկեղեցի ու Խաչը թափօրով կը տանի Հռոմի զանազան թաղամասեր, ապա դէպի Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայ։ Թափօրը կը տեւէ 16 օր, 4էն մինչեւ 20 օգոստոս 1522, ու մինչ թափօրը յառաջ կ՛ընթանար ժանտախտը կամաց կամաց կը նուազէր եւ ասոր համար ամէն մէկ թաղամաս կը ջանար խաչը իր մօտ պահել որքան կարելի երկար ժամանակ։ Թափօրի աւարտին երբ խաչը վերադարձաւ եկեղեցի ժանտախտը բոլորովին անյայտացած էր։

1600 սկսեալ Սան Մարչելլոյի անուամբ Եկեղեցւոյ խաչին դէպի Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայ թափօրը դարձած է աւանդութիւն որ կը կատարուի ամէն մէկ Յոբելենական Սուրբ Տարիի ընթացքին։ Խաչի ետին փորագրուած են զանազան Քահանայապետերու անունները ու Յոբելենական սուրբ տարիներու թուականները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/03/2020, 08:00