Որոնել

Սուրբ Պետրոսի գմբէթը Սուրբ Պետրոսի գմբէթը 

11 Փետրուար յիշարժան ու յատուկ տօներու թուական Վատիկանի մէջ։

11 Փետրուարին կը նշուի նաեւ Հիւանդներու Համաշխարհային օրը

Վատիկան

Վատիկանի Պետութեան ճանաչում
Վատիկանի Պետութեան ճանաչում

11 Փետրուարին Վատիկանի Պետութեան ճանաչումին տօնը որ կարելի եղաւ շնորհիւ Իտալիոյ հանրապետութեան եւ Վատիկանի միջեւ ստորագրուած Լատերանեան Դաշնագիրին՝ որ ստորագրուեցաւ  11 Փետրուար 1929-ին Վատիկանին շնորհելով անկախ պետութեան հանգամանք։

Պենետիկտոս ԺԶ հրաժարականը
Պենետիկտոս ԺԶ հրաժարականը

Այս թուականը յատկանշական է նաեւ որովհետեւ եօթը տարիներ առաջ՝ ճիշդ այդ օրը՝ 11 փետրուար 2013-ին,  Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետը աննախընթաց պատմական  քայլ մը առնելով հրաժարեցաւ Սուրբ Պետրոսի գահէն ։

Լուրտի Տիրամայրը
Լուրտի Տիրամայրը

Այսօր կը յիշատակուի նաեւ Լուրտի Տիրամօր առաջին երեւումին 161րդ ամեակը։  Երեւումը յայտնութիւնն է Աստուծոյ, կամ հրեշտակներուն կամ սուրբերուն, այս պարագային Աստուածամօր։ 1858-ի փետրուարի 11-ն, Պեռնատէթ անունով աղջնակ մը` Մասապիելի քարայրին առջեւ, կը տեսնէ սպիտակ զգեստով Տիկինը՝ որ Վարդարան կ՛աղօթէ եւ որ 14 անգամ երեւնալէ ետք 25 մարտ 1858-ին կը յայտնէ իր ինքնութիւնը''Անարատ Յղացեալ''։

Հիւանդներու համաշխարհային օր
Հիւանդներու համաշխարհային օր

11 Փետրուարին կը նշուի նաեւ  Հիւանդներու Համաշխարհային օրը որ այս տարի հասած է  28-րդ հանգրուանին որպէս բնաբան ունենալով «Եկէք ինծի դուք բոլորդ որ յոգնած եւ բեռնաւորուած էք ու ես ձեզի հանգիստ պիտի տամ (Մատթ 11, 28)»

11 Փետրուարին 26-րդ տարեդարձն է  նաեւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ կողմէ հաստատուած Կեանքի Քահանայապետական Կաճարին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/02/2020, 08:13