Որոնել

Հիւանդի ԻԸ համաշխարհային օր Հիւանդի ԻԸ համաշխարհային օր 

Քահանայապետական պատգամ Հիւանդի ԻԸ համաշխարհային օրուան առթիւ։

«Եկէք ինծի դուք բոլորդ որ յոգնած եւ բեռնաւորուած էք ու ես ձեզի հանգիստ պիտի տամ (Մատթ 11, 28)»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 3 Յունուար 2020-ին, հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հիւանդի ԻԸ համաշխարհային օրուան հայող պատգամը, որուն բնաբանն է «Եկէք ինծի դուք բոլորդ որ յոգնած եւ բեռնաւորուած էք ու ես ձեզի հանգիստ պիտի տամ (Մատթ 11, 28)»։

Ունկնդրէ լուրը

Յիսուս այս հրաւէրը կ՛ուղղէ բոլոր հիւանդներուն եւ բեռնաւորուածներուն, աղքատներուն որոնք գիտակից են թէ ամբողջութեամբ կախեալ են Աստուծմէ, եւ բոլոր անոնց որոնք դժուարութիւններու ծանրութեան տակ վիրաւոր են ու կարիքը ունին բուժումի», կը գրէ Սրբազան Քահանայապետը պատգամին սկիզբը, դիտել տալով որ Յիսուս Քրիստոս բոլորին կը նուիրէ իր ողորմածութիւնը, այսինքն իր անձը։

«Յիսուս կը նայի վիրաւոր մարդկութեան։ Ան աչքեր ունի որոնք խորը կը թափանցեն եւ չեն բացառեր եւ ոչ մէկը ու բոլորը կը հրաւիրեն մաս կազմելու իր կեանքին։ Յիսուս այս զգացումները ունի որովհետեւ ինք եւս տկար դարձաւ ու փորձարկեց մարդկային տառապանքը, Հօրմէն ընդունելով հանգիստը։ Արդարեւ միայն ան որ այդպիսի փորձառութիւն ապրած է կարող է ուրիշը մխիթարել», նկատել կու տայ  ապա Սրբազան Պապը ակնարկելով ծանր տառապանքներու ու հիւանդութիւններու  բազմաթիւ ձեւերուն, ինչպէս նաեւ այդ ծիրէն ներս մարդկային թերացումներուն,  հաստատելով որ  այդ պարագաներուն յաճախ կարիքը կայ հիւանդին նկատմամբ ունենալ յարմարցուած անձնական մօտեցում, «խնամելուն» վրայ աւելցնելով «հոգ տանիլը» ի նպաստ մարդկային համապարփակ ապաքինումի։

«Հիւանդութեան մէջ արդարեւ անհատը վարկաբեկուած կը զգայ ոչ միայն իր ֆիզիկական ամբողջականութիւնը այլ նաեւ իր յարաբերական, մտաւոր, զգացմունքային ու հոգեւոր հարթութիւնները եւ ասոր համար ան՝ խնամքէն անդին կը սպասէ նաւ աջակցութիւն, հոգատարութիւն, ուշադրութիւն…մէկ բառով՝ սէր» կը նշէ Ֆրանչիսկոս Պապ ու կ՛աւելցնէ որ  «հիւանդին մօտ կայ ընտանիք մը, որ իր կարգին կը չարչարուի ու կարիքը ունի մխիթարութեան եւ մօտիկութեան»։

 Ան ապա խօսքը ուղղելով հիւանդներուն կը գրէ թէ իրենց այդ իրավիճակը կը գրաւէ Յիսուսին հայեացքն  ու սիրտը» ու թէ «այնտեղէն է որ խաւար պահերու ընթացքին կու գայ լոյսը, եւ յուսալքումի ատեն՝ յոյսը»։

«Ան ձեզ հրաւէր կ՛ուղղէ «եկէք» որովհետեւ Ան  մեզի դեղահատեր չի տուաւ, այլ պարգեւեց իր չարչարանքները, մահն ու յարութիւնը, որ մեզ կ՛ազատէ չարի տիրապետութենէն» կը գրէ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշելով  որ  «Եկեղեցին կ՛ուզէ միշտ աւելիով ըլլալ ձեր այդ հանգիստը գտնելու վայրը, Բարի Սամարացիին պանդոկը, Տունը ուր կարող էք գտնել Քրիստոսին շնորհքը որ կ՛արտայայտուի հիւրընկալութեան ու սփոփանքի միջոցաւ»։

Եկեղեցւոյ այդ հանգստեան վայրի եւ խնամքի մատուցած ծառայութեան գործունէութեան մաս կը կազմեն նաեւ առողջապահական գործիչները, հիւանդապահները, բժիշկները, ու առողջապահական եւ վարչական անձնակազմն ու կամաւորները, որոնք մասնագիտական աշխատանքով զգալ կու տան Քրիստոսին ներկայութիւնը՝ որ մխիթարութիւն կը նուիրէ եւ իր վրայ կ՛առնէ հիւանդին ցաւերը», կը  գրէ ապա Սրբազան Պապը ու խօսքը ուղղելով առողջապահական գործիչներուն  կը շեշտէ  «անհատ – անձ» գոյականի կարեւորութիւնը «որ առաջնահերթութիւն ունի «հիւանդ»  ածականի վրայ», հրաւիրելով առողջապահական գործիչները յարատեւ ձգտելու մարդու կեանքին ու արժանապատուութեան, առանց զիջելու այն արարքներուն որոնք կը միտին կեանքը ընդհատել, նոյնիսկ երբ հիւանդութիւնը անշրջելի կը թուի։

«Յիշենք որ կեանքը սուրբ է եւ կը պատկանի Աստուծոյ, ուստի անձեռնմխելի եւ անհասանելի է  (Evangelium vitae, 29-53)» կ՛ընդգծէ հուսկ Քահանայապետը հաստատելով որ «պէտք է կեանքը ընկալել, պաշտպանել, յարգել ու անոր ծառայել սաղմէն մինչեւ մահ»։ Ապա հրաւիրելով «Այո» ըսել կեանքին ու անհատին ու մատնանշելով որ Քրիստոնէական սիրով ոգեւորուած մասնագիտութիւնը կարող է ամենալաւ ծառայութիւնը հանդիսանալ մարդկային ու կեանքի իրաւունքներուն, Ֆրանչիսկոս Պապ կը թելադրէ   «երբ չէք կրնար բուժել, կարող էք միշտ հոգ տանիլ հիւանդին, սփոփանք ու հանգստութիւն պարգեւող գործունէութեամբ»։

Նորին Սրբութիւնը  կը մատնանշէ ապա պատերազմներու եւ հակամարտութիւններու ընթացքին թիրախ դարձած հիւանդանոցներուն ու բժշկական կեդրոններուն, ինչպէս նաեւ քաղաքական այն իշխանութիւններուն որոնք կ՛ուզեն շահագործել բժշկական ծառայութիւնը, ընդգծելով որ  այս բոլորը ոչ մէկուն համար օգուտ են։

Պատգամի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը գրէ. «Հիւանդի այս 28-րդ օրուան առթիւ կը մտաբերեմ աշխարհի այն բազմաթիւ եղբայրներն ու քոյրերը, որոնք կարելիութիւնը չունին խնամքի, որովհետեւ կ՛ապրին աղքատութեան մէջ։  Խօսքս կ՛ուղղեմ համայն աշխարհի առողջապահական իշխանութիւններուն ու կառավարութիւններուն, որպէսզի չ՛անտեսեն ընկերային արդարութիւնը։

Մաղթանք կը յայտնեմ որ զօրակցութեան ու կարեկցութեան սկզբունքներու հիման վրայ, այնպէս ընել որ բոլորը կարելիութիւնը ունենան պատշաճ խնամքի։

Ի սրտէ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ կամաւորներուն, որոնք իրենք զիրենք կը դնեն հիւանդութեան ծառայութեան տակ, շատ անգամ լրացնելով կառուցուածքային թերացումները ու քնքշութեան եւ մօտիկութեան  արարքներով կը ցոլացնեն Քրիստոսի՝ Բարի Սամարացիի դիմագիծը»։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը կ՛եզրափակէ հիւանդներու բժշկութիւն՝ Սուրբ Կոյս Մարիամին յանձնելով  հիւանդութեան բեռը կրող բոլոր մարդիկն ու անոնց ընտանիքները, ինչպէս նաեւ բոլոր առողջապահական գործիչները։

«Բոլորին կ՛ապահովեցնեմ իմ մօտիկութիւնս աղօթքի միջոցաւ ու կ՛ուղարկեմ իմ առաքելական օրհնութիւններս» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապ։

Տուեալ ի Վատիկան

Յիսուս Սուրբ Անուան Տօնին օրը

3 Յունուար 2020

Ֆրանչիսկոս։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/01/2020, 12:00