Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Solidarnosc» Լեհ սենտքիայի պատուիրակութիւն մը:
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 4 դեկտեմբերին, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, Վատիկանի «Պօղոս Զ փոքրիկ դահլիճ» անուան սրահէն ներս ընդունեց Լեհաստանէն ժամանած «Ինքնավար եւ անկախ Սոլիտարնոքս» սէնտիքայի 20 անդամներէն կազմուած պատուիրակութիւն մը, հաստատութեան հիմնադրութեան 40 ամեակին առիթով:
Լեհական Սենտիքայի անդամներուն ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ շնորհաւորեց հաստատութեան հիմնադրութեան տարեդարձը, բարձր գնահատելով հաստատութեան վերջին տասնեակ տարիներուն, Լեհաստանի մէջ ընկերային, քաղաքական ոլորտէն ներս, փոփոխութիւններ յառաջացնելու դերը:
Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց նաեւ Սենտիքային՝ հասարակաց բարիքի եւ տարբեր արհեստավարժ խմբակներուն ի սպաս մատուցած ծառայութիւնը, յիշել տալով, որ ճշմարտութեան եւ արդարութեան ներքոյ, միշտ ներկայ է Աստուած:
«Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապ իր հայրենակիցներուն համար միշտ հայցած է Աստուծոյ այդ ներկայութիւնը եւ Սուրբ Հոգիին շունչը հայցած է որ իջնէ եւ վերանորոգէ մեր այս երկրի դիմագիծը ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տալով, որ Սուրբ Հոգիին հանդէպ բացուածութեան նշան է, աջակցութեան կեցուցածը՝ իրաւունքներէ զրկուած անձերուն նկատմամբ, աջակցութիւն, աշխատանքի, ուսմունքի,, ընկերային, տնտեսական- քաղաքական եւ միջազգային յարաբերութիւններուն հանդէպ:
Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց նաեւ որ աջակցութիւն բառ կը նշանակէ զգայուն ըլլալ իրաւունքներէ եւ աշխատանքի արժանավայել պայմաններէ զրկուած եղբայրներուն եւ քոյրերու ձայնին:
Ան ապա նշեց, որ եկեղեցին միշտ կ՝աջակցի, ընկերային տարբեր ընկերակցութիւններուն մարդկային արժանապատուութեան եւ հասարակաց բարիքի հայող առաջարկներուն շեշտելով որ ընկերային կառոյցներուն մէջ դրական փոփոխութիւններուն կարեւորագոյն պայմաններէն մին է մտայնութեան, համոզմունքներուն փոփոխութիւնը, որուն պէտք է դաստիարակուին ապագայ սերունդները, ապա թէ ոչ միեւնոյն նոր կառոյցները, պիտի չծառայեն հասարակաց բարիքին , այլ պիտի ծառայեն յատուկ խումբերուն, դառնալով կաշառակերները, նոյնիսկ կործանիչ տարրեր: ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ ան ապա խօսքը աւարտեց, Հայցելով Սուրբ Հոգիին պարգեւները սենտիքային բոլոր անդամներուն համար, որպէսզի հիմնարկի ձեռնարկած բոլոր ծրագիրները ներշնչեն քրիստոնէական օրէնքը: « որ է կրել մէկը միւսին բեռը»:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ