Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Solidarnosc» Լեհ սենտքիայի պատուիրակութիւն մը:

Ընկերային կառոյցներուն մէջ դրական փոփոխութիւններուն կարեւորագոյն պայմաններէն մին է մտայնութեան, համոզմունքներուն փոփոխութիւնը, որուն պէտք է դաստիարակուին ապագայ սերունդները,:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 4 դեկտեմբերին, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, Վատիկանի «Պօղոս Զ փոքրիկ դահլիճ» անուան սրահէն ներս ընդունեց Լեհաստանէն ժամանած  «Ինքնավար եւ անկախ Սոլիտարնոքս» սէնտիքայի 20 անդամներէն կազմուած պատուիրակութիւն մը, հաստատութեան հիմնադրութեան 40 ամեակին առիթով:  

Լեհական Սենտիքայի անդամներուն ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ շնորհաւորեց հաստատութեան հիմնադրութեան տարեդարձը,  բարձր գնահատելով հաստատութեան վերջին տասնեակ տարիներուն, Լեհաստանի մէջ  ընկերային, քաղաքական ոլորտէն ներս, փոփոխութիւններ յառաջացնելու դերը:

Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց նաեւ Սենտիքային՝ հասարակաց բարիքի եւ տարբեր արհեստավարժ խմբակներուն ի սպաս մատուցած  ծառայութիւնը, յիշել տալով, որ ճշմարտութեան եւ արդարութեան ներքոյ, միշտ ներկայ է Աստուած:

«Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապ իր հայրենակիցներուն համար միշտ հայցած է  Աստուծոյ այդ ներկայութիւնը եւ Սուրբ Հոգիին շունչը հայցած է որ իջնէ եւ վերանորոգէ մեր այս երկրի դիմագիծը ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տալով, որ Սուրբ Հոգիին հանդէպ բացուածութեան նշան է,  աջակցութեան կեցուցածը՝ իրաւունքներէ զրկուած անձերուն նկատմամբ,  աջակցութիւն, աշխատանքի,  ուսմունքի,, ընկերային, տնտեսական- քաղաքական եւ միջազգային  յարաբերութիւններուն հանդէպ:

Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց նաեւ որ աջակցութիւն բառ կը նշանակէ զգայուն ըլլալ իրաւունքներէ եւ աշխատանքի արժանավայել պայմաններէ զրկուած եղբայրներուն եւ քոյրերու ձայնին:

Ան ապա նշեց,  որ եկեղեցին միշտ կ՝աջակցի,  ընկերային տարբեր ընկերակցութիւններուն մարդկային արժանապատուութեան եւ հասարակաց բարիքի հայող առաջարկներուն  շեշտելով որ ընկերային կառոյցներուն մէջ դրական փոփոխութիւններուն կարեւորագոյն պայմաններէն մին է մտայնութեան, համոզմունքներուն փոփոխութիւնը,  որուն պէտք է դաստիարակուին ապագայ սերունդները,  ապա  թէ ոչ  միեւնոյն նոր կառոյցները, պիտի չծառայեն հասարակաց բարիքին ,  այլ պիտի ծառայեն  յատուկ խումբերուն, դառնալով կաշառակերները, նոյնիսկ կործանիչ տարրեր: ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ ան ապա խօսքը աւարտեց, Հայցելով Սուրբ Հոգիին պարգեւները սենտիքային բոլոր անդամներուն համար, որպէսզի հիմնարկի ձեռնարկած բոլոր ծրագիրները ներշնչեն քրիստոնէական օրէնքը:  « որ է կրել մէկը միւսին բեռը»:  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/12/2019, 09:44