Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ազգային նոտարական հիմնադրամի ներկայացուցիչները:

Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց նոտարները, ընկերութիւնը աեւլի մարդկային դարձնել, ունկնդրելով եւ իրենց գիտելիքները տրամադրելով բոլորին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 6 դեկտեմբերին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց ազգային նոտարական հիմնադրամի ներկայացուցիչները, հիմնադրամին հիմնադրութեան հարիւր ամեակին առթիւ:

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը ողջոյնի խօսքին սկիզբը շնորհաւորելով կենսաթոշակային  հիմնարկի հիմնադրութեան հարիւր ամեակը, անդրադարձաւ հիմնադրամի նպատակներուն ընդգծելով,  որ զօրակցութիւնը այդ բոլոր նպատակներուն հիմքն է, որ կը  խթանէ հաղորդութեան իմաստը հաստատութեան ներքեւ:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ վերոնշեալ հիմնադրամի այլ յատկութեան, որ է խնամակալական ծառայութիւնը,  ի սպաս նորանշանակուած  նոտարներուն կազմաւորման դժուար պայմաններուն մէջ գտնուող նոր անուանուած նոտարներուն, նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելով, նոտարներուն զաւակներուն ուսման եւ ընտանիքներուն համար:

Ֆրանչիսկոս Պապ հիմնադրամի ներկայացուցիչները քաջալերեց պահպանելու հիմնադրամի փոխադարձ աջակցութեան յատկութիւնները ընդգծելով, որ նոտարները կանչուած են ,ծառայութեան հարազատ հոգիով իրենց դերակատարութիւնը կատարելու:  

 Ան յորդորեց նոտարները, օգնել ընկերութեան, զայն  աւելի մարդկային դարձնելու համար, ունկնդրելով եւ իրենց գիտելիքները տրամադրելով բոլորին: Խրախուսեց, որ միջնորդներ դառնան՝ օրէնքի եւ ընկերային տնտեսական պահանջներու միջեւ:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա մէջբերելով Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովին (Gaudium et spes) շրջաբերական թուղթէն հատուած մը նշեց թէ հանրային կեանքի տարբեր բաժանմունքներու գործիչներու պարտականութիւն է,  բեղուն եւ եղբայրական արդար ծառայութեան , դերակատարները դառնալ, իրականացնելու համար  ընկերային համակարգ  մը, որ հաւատարմութեամբ կը համապատասխանէ Աստուծոյ օրէնքին եւ անկէ յառաջացած բարոյական օրէնքներուն:

Ֆրանչիսկոս Պապ  ապա  նկատել տուաւ, որ թեքնիկական ձեռնհասութիւնն ու բարոյական ամբողջականութիւնը,  կարեւոր  արժանինքներ են ուղիղ կերպող գործելու՝ հասարակաց ծառայութեան բարիքին համար:

Ան եզրափակեց իր խօսքը հայցելով Աստուածային օրհնութիւնները նոտարներուն ու ընտանիքներուն վրայ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/12/2019, 12:00