Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ազգային նոտարական հիմնադրամի ներկայացուցիչները:
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ուրբաթ, 6 դեկտեմբերին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց ազգային նոտարական հիմնադրամի ներկայացուցիչները, հիմնադրամին հիմնադրութեան հարիւր ամեակին առթիւ:
Նորին Սրբութիւնը ողջոյնի խօսքին սկիզբը շնորհաւորելով կենսաթոշակային հիմնարկի հիմնադրութեան հարիւր ամեակը, անդրադարձաւ հիմնադրամի նպատակներուն ընդգծելով, որ զօրակցութիւնը այդ բոլոր նպատակներուն հիմքն է, որ կը խթանէ հաղորդութեան իմաստը հաստատութեան ներքեւ:
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ վերոնշեալ հիմնադրամի այլ յատկութեան, որ է խնամակալական ծառայութիւնը, ի սպաս նորանշանակուած նոտարներուն կազմաւորման դժուար պայմաններուն մէջ գտնուող նոր անուանուած նոտարներուն, նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելով, նոտարներուն զաւակներուն ուսման եւ ընտանիքներուն համար:
Ֆրանչիսկոս Պապ հիմնադրամի ներկայացուցիչները քաջալերեց պահպանելու հիմնադրամի փոխադարձ աջակցութեան յատկութիւնները ընդգծելով, որ նոտարները կանչուած են ,ծառայութեան հարազատ հոգիով իրենց դերակատարութիւնը կատարելու:
Ան յորդորեց նոտարները, օգնել ընկերութեան, զայն աւելի մարդկային դարձնելու համար, ունկնդրելով եւ իրենց գիտելիքները տրամադրելով բոլորին: Խրախուսեց, որ միջնորդներ դառնան՝ օրէնքի եւ ընկերային տնտեսական պահանջներու միջեւ:
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա մէջբերելով Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովին (Gaudium et spes) շրջաբերական թուղթէն հատուած մը նշեց թէ հանրային կեանքի տարբեր բաժանմունքներու գործիչներու պարտականութիւն է, բեղուն եւ եղբայրական արդար ծառայութեան , դերակատարները դառնալ, իրականացնելու համար ընկերային համակարգ մը, որ հաւատարմութեամբ կը համապատասխանէ Աստուծոյ օրէնքին եւ անկէ յառաջացած բարոյական օրէնքներուն:
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նկատել տուաւ, որ թեքնիկական ձեռնհասութիւնն ու բարոյական ամբողջականութիւնը, կարեւոր արժանինքներ են ուղիղ կերպող գործելու՝ հասարակաց ծառայութեան բարիքին համար:
Ան եզրափակեց իր խօսքը հայցելով Աստուածային օրհնութիւնները նոտարներուն ու ընտանիքներուն վրայ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ