Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Փերուի մէջ երիտասարդներու հովուական ծառայութեան 20-րդ հանդիպումի առթիւ:
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Փերուի՝ Լիմա մայրաքաղաքին մէջ, 18-էն – 23 նոյեմբերին տեղի կ՝ունենայ Լատին Ամերիկայի երիտասարդներուն հովուական ծառայութեան 20-րդ հանդիպում: Այս առթիւ ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը մը յղած է աշխարականներուն եւ Երիտասարդներուն եպիսկոպոսկան յանձնախումբի նախագահ գերապայծառ Ալֆրէտօ Վիզքարրա Մորիին:
Պատգամին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ողջունելով յանձնախումբի նախագահն ու 20-րդ հանդիպումի կազմակերպիչները ինչպէս նաեւ հաւաքի մասնակցող ազգային երիտասարդներուն հովուական ծառայութեան պատասխանատուներ բարձր գնահատած է երիտասարդներուն հովուական ծառայութիւնը, նկատել տալով, որ երիտասարդները, բերրի եւ նոր հող մըն է, զոր Աստուած կը պարգեւէ Քրիստոնեայ հասարակութիւններուն:
Ան հովուական ծառայութեան պատասխանատուներէն խնդրեց, ընկերանան երիտասարդներուն հասունութեան ուղեւորութեան մէջ որպէսզի անոնքլ զօրացնեն իրենց հաւատքը՝ապա եւ յոյսի եւ սիրոյ պտուղներ տան:
Ամերիկային մէջ, յոյսի ցամաքամասին,ինչպէս ամէն աշխարհի մէջ, երիտասարդները՝ Աստուծոյ այժմէութիւն են - Որովհետեւ Աստուծոյ Որդին Յիսուսը՝ կ՝ընթանայ եւ կը մնայ անոնց հետ, եւ Յիսուսի միջոցաւ Հայր Աստուած կը շարունակէ մեր հետ խօսիլ իր սիրոյ լեզուով:
Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց որ երիտասարդները միշտ աւելով ճանչնան Յիսուսի անձը, որպէսզի դառնան միսիոնար առաքեալներ եւ քնքշութեան վկաներ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ