Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Փերուի մէջ երիտասարդներու հովուական ծառայութեան 20-րդ հանդիպումի առթիւ:

Երիտասարդները, բերրի եւ նոր հող է զոր Աստուած կը պարգեւէ Քրիստոնեայ հասարակութիւններուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Փերուի՝ Լիմա մայրաքաղաքին մէջ,  18-էն – 23 նոյեմբերին տեղի կ՝ունենայ Լատին Ամերիկայի երիտասարդներուն հովուական ծառայութեան 20-րդ հանդիպում: Այս առթիւ ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը մը յղած է աշխարականներուն եւ Երիտասարդներուն եպիսկոպոսկան յանձնախումբի նախագահ գերապայծառ Ալֆրէտօ Վիզքարրա Մորիին:  

Ունկնդրէ լուրը

Պատգամին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ողջունելով  յանձնախումբի նախագահն ու 20-րդ հանդիպումի կազմակերպիչները ինչպէս նաեւ հաւաքի մասնակցող ազգային երիտասարդներուն հովուական ծառայութեան պատասխանատուներ բարձր գնահատած է երիտասարդներուն հովուական ծառայութիւնը,  նկատել տալով,  որ երիտասարդները,  բերրի եւ նոր հող մըն  է,  զոր Աստուած կը պարգեւէ Քրիստոնեայ հասարակութիւններուն:

Ան հովուական ծառայութեան պատասխանատուներէն խնդրեց,  ընկերանան երիտասարդներուն  հասունութեան ուղեւորութեան մէջ որպէսզի անոնքլ զօրացնեն իրենց հաւատքը՝ապա եւ յոյսի եւ սիրոյ պտուղներ տան:

Ամերիկային մէջ, յոյսի ցամաքամասին,ինչպէս ամէն աշխարհի մէջ,  երիտասարդները՝ Աստուծոյ այժմէութիւն են - Որովհետեւ Աստուծոյ Որդին Յիսուսը՝ կ՝ընթանայ եւ կը մնայ անոնց հետ, եւ   Յիսուսի միջոցաւ Հայր Աստուած  կը շարունակէ  մեր հետ խօսիլ իր սիրոյ լեզուով:  

Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց որ երիտասարդները միշտ աւելով ճանչնան Յիսուսի անձը, որպէսզի դառնան միսիոնար առաքեալներ եւ քնքշութեան վկաներ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/11/2019, 13:10